ՊՈԼԻՍ, «Հայթերթ».- Շաբաթ, Յունիս 8ին, ժամը 10:30էն սկսեալ, Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը՝ «Վերադարձի կոչ Սփիւռքին. Գաղտնի եւ իսլամացած հայերը ու ոչ իսլամներու քաղաքացիութեան իրաւունքը» նիւթով:

Ելոյթներ պիտի ունենան Էրոլ Տորան, Օսման Ճան, Ուֆուք Ուրաս, Ռոպեր Քոթփաշ, Ճենկիզ Աքթար, Բագրատ Էսթուքեան, Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին եւ ուրիշներ: