Սեւ ծովեան Քարապիւք համալսարանը, ընդառաջելով երկաթուղային մասնագիտութեան բաժնի իր ուսանողներուն դիմումին, որոշած է յետ մահու «Պատւոյ դոկտոր»ի կոչում շնորհել տխրահռչակ, արիւնարբու Ապտիւլհամիտ Բ.ին:
Մայիսի վերջաւորութեան վերոնշեալ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան, այդ վկայականը յանձնուած է Օսմանեան կայսրութեան տոհմի ի կեանս եղող ամենէն տարիքոտ անդամին՝ Հարուն Օսմանօղլուին:
Ապտիւլհամիտ Բ. այս կոչումին արժանացած է «Հիճազ երկաթուղի»ի իր նախաձեռնութեան համար:
«Հիճազ երկաթուղի»ն սուլթանին հրահանգով կառուցուած է 1900էն 1908ի միջեւ: Կը կապէր Դամասկոսը Մետինէին եւ կը հանդիսանար Պոլսէն սկսող՝ օսմանեան երկաթուղային ցանցին մէկ մասնիկը: