Թրքական մամուլը այլեւս բացայայտ կը խօսի երկրորդ զոհի մասին 

Պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ երկրորդ քաղաքացիի մը մահուան լուրը, թրքական մամուլին կողմէ: Երէկ գիշերը ցոյցերն ու բախումները շարունակուեցան Պոլսոյ մէջ, ուր կացութիւնը հանդարտելու նշաններ երեւելի չեն տակաւին:

Ոստիկանութեան բռնութեան դէմ կը բողոքէ ժողովուրդը, որոնց կը միանան հանրային պաշտօնեաները՝ երկօրեայ գործադուլով:  

Շաբթուան սկիզբը ծայր առած բնապահական աննշան ցոյցով մը սկսած է ամէն ինչ: Պոլսոյ խորհրդանշական Թաքսիմի հրապարակին վրայ գտնուող «Կէզի» («Պտոյտ») հանրապարտէզին տեղը առեւտրական կեդրոնի մը կառուցումն ալ ներառնող կառավարութեան հսկայ նախագիծին դէմ բողոքի նստացոյցի մը դիմած են կարգ մը քաղաքացիներ: Ոստիկանութիւնը շատ բիրտ ձեւով միջամտած է բողոքողները տեղահանելու նպատակով: Միջամտութիւնը անմիջապէս մեծ արձագանգ գտած է յատկապէս ընկերային ցանցերու շնորհիւ: Իրականութեան մէջ այս միջադէպը եղած է միայն պարզ խայծ մը իշխանութեան գլուխ գտնուողներուն՝ յատկապէս վարչապետին դէմ արդէն պայթելու պատրաստ հանրութեան ստուար մէկ հատուածին համար:

Ոստիկանութեան օգտոգործած նիւթերը ծանր արկածներու տեղի տուած են:

Սակայն, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան բնաւ տեղի տալու նպատակ չունի: Ինչ կը վերաբերի խնդրոյ առարկայ նախագծին՝ «անկիւնները կլորցուած» բացատրութիւններով փորձած է շրջանցել հարցը, իսկ գալով հրաժարելու պահանջին, որ բուն հարցն է՝ ըսած է, թէ քուէատուփով ընտրուած իշխանութիւն են եւ թէ ընդդիմութիւնը՝ ընտրական ձախողութիւններէ ճարահատ, այս միջոցին կը դիմէ, կը գրգռէ ժողովուրդը, քանի ատիկա կը նկատէ իշխանութեան գլուխ գալու միակ միջոցը: Սպառնացած է նաեւ՝ ըսելով, թէ եթէ խնդիրը փողոց բազմութիւն իջեցնելն է, ինք ալ կրնայ միլիոններ շարժման մղել:

Ցուցարարները չեն մեկնած բողոքներու վայ-րերէն եւ բախումները երէկ ալ շարունակուած են:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ

Դէպքերուն մեկնակէտը հանդիսացող խնդրայարոյց Թաքսիմի այդ տարածքներուն, ատենին գոյութիւն ունեցած է հայկական հսկայ Սուրբ Յակոբ գերեզմանատունը: Կարճ պատմականը կատարելով՝ ըսենք, որ ԺԶ. դարուն, Սուլթան Սիւլէյման՝ այդ տարածութիւնը շնորհած էր հայերուն, որպէս վարձատրութիւն՝ հայ խոհարար Մանուկ Քարասէֆէրեանի կողմէ իր կեանքի փրկութեան (Քարասէֆէրեան մերժած է թշնամիին դաւին մեղսակից դառնալ եւ թունաւորել իր սուլթանը): Ուրեմն այդ հողերը շուրջ չորս դար պատկանելէ ետք հայութեան եւ ծառայելէ ետք որպէս հայկական գերեզմանատուն, 1930ականներու վերջաւորութեան գրաւուած են պետութեան կողմէ եւ ամբողջութեամբ՝ քանդուած, տեղը կառուցուած է քաղաք՝ շէնքերով, խնդրոյ առարկայ «Կէզի» զբօսայգիով (մէկ մասը), Ձայնասփիւռի Տունով…:

 

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ

Կ'ըսուի, թէ Սուրբ Յակոբ գերեզմանատան մէջ, 1919ին բարձրացուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր համաշխարհային առումով: Ճիշդ է, որ այդ տարին, այդ նպատակով կազմուած է յանձնաժողով մը եւ մշակուած է ոգեկոչումներու ծրագիր մը: Թէոդիկ ալ մաս կը կազմէր այդ յանձնաժողովին: Կ'ըսուի նաեւ, թէ Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի» հատորին կողքին վրայ զետեղուած նկարը կը պատկանի նշեալ յուշարձանին: Քովը հրատարակուած լուսանկարին մէջ կը ներկայացուի յուշարձանը: Բայց, կը պակսին յաւելեալ ստոյգ տուեալներ այս հարցի մասին: