Այս  յայտարարութիւնը կատարած է Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի‘ մեկնաբանելով Պաքու-Նովոռոսիյսք խողովակաշարով ատրպէյճանական կազի փոխադրութեան պայմանագիրը խզելու Ռուսաստանի որոշումը:

“Ռուսաստան կը փորձէ ճնշում բանեցնել Պաքուի վրայ: Միայն Ատրպէյճանի զարգացումը Հար. Կովկասի զարգացումին գրաւականն է”,- ըսած է Սահակաշվիլի՝ նշելով թէ «երբ Վրաստան մնացած էր առանց ելեկտրականութեան եւ կազի, մեր ազերի  բարեկամները մեզի օգնեցին»: