Աւելի քան 900 ձերբակալումներ, տասնեակ ծանր վիրաւորներ՝ թրքական ցոյցերուն ընթացքին

Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ Ուրբաթ երեկոյեան սկսած բախումները, ծանր մարտե-րու վերածուեցան, ոստիկանութեան բիրտ վերաբերմունքէն ետք, տասնեակ մարդոց ծանր վիրաւորումին պատճառ դառնալով։

Թաքսիմ հրապարակին վրայ զբօսայգիի մը ծառերը կտրելու Էր-տողանի հրահանգը՝ բազմամարդ բողոքի ցոյցերու առիթ դարձաւ, որ շուտով ընդարձակուեցան, Թուրքիոյ աւելի քան 20 քաղաքներու մէջ՝ վարչապետ Էրտողանի դէմ հակակառավարական ցոյցերու բնոյթը ստանալով։

Ոստիկանները արցունքաբեր կազերու եւ ջուր սրսկող զրահապատ ինքնաշարժներու գործածութեան դիմեցին, որ անհարկի բռնութեամբ դրսեւորուեցաւ։ Երէկ հանրութեան տրուեցաւ զանգուածային ցոյցերու պաշտօնական հաշուեկշիռը՝ ըստ որու ձերբակալուած են 939 ցուցարարներ, վիրաւորուած է 79 մարդ։ Նոյն պահուն, Միջազգային Ներում կազմակերպութիւնը խօսք կ'ընէ 2 մեռեալներու եւ 1000 վիրաւորներու մասին։ Մարդկային իրաւանց այլ կազմակերպութիւններ եւս խստօրէն կը դատապարտեն ոստիկանութեան ցուցաբերած ծայրայեղ խիստ կեցուածքը։

Երէկ Կիրակի երեկոյեան, կարճ հանգիստի պահէ ետք, դարձեալ բռնկեցաւ կացութիւնը, երբ Էրտողան յայտարարեց թէ ետ պիտի չընէ իր ծրագիրէն: Եռացող մթնոլորտը Անգարա եւ Իզմիր փոխադրուեցաւ, դարձեալ բախումներով եւ ցոյցերով: Ոստիկանական մեծ ուժեր ուղարկուած են Անգարա:

Յունական եւ հայկական վարժարան մը՝ սադրանքներու զոհ

Յունական defencenet.gr կայքէջի հաղորդման համաձայն, հաստատուեցան լուրերը որ տարածուած էին, թէ Պոլսոյ հայկական եւ յունական վարժարան մը սադրանքներու զոհ գացած են։ Կը հաղորդուի թէ թրքական ոստիկանութիւնը, առանց որեւէ պատճառի, տասնեակ քիմիական նիւթեր արձակած է յունաց Զափիօ վարժարանէն ներս, ուր փոքրիկ աշակերտները դաս կ'ընէին։ Կազերու արձակումը շնչառական խնդիրներ ստեղծեց աշակերտներուն, յատկապէս 4 եւ 5 տարեկան փոքրիկներուն։

Նոյն իրավիճակը ստեղծուեցաւ յունական վարժարանին ճիշդ դիմացը տեղակայուած հայկական վարժարանէն ներս ալ։ Կը նշուի թէ ոեւէ ցուցարար չկար շրջանէն ներս։ Ցոյցերը շատ աւելի հեռուն գտնուող շրջաններու մէջ էին։ Այսուհանդերձ երկու դպրոցներն ալ խեղդուեցան քիմիական կազերուն տակ։

Կը նշուի նաեւ թէ Պոլսոյ մէջ բնակող յոյն քաղաքացիներէն ոմանք լքած են Թաքսիմի շրջակայքին գտնուող իրենց բնակարանները եւ արուարձաններ տեղափոխուած են: