ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վոն Ռոմփիւի կը փափաքի զարկ տալ Թուրքիոյ Եւրոպայի անդամակցութեան գործընթացին, որու ներկայիս պարզած վիճակը կը գտնէ տժգոյն:

Նախորդող օրերուն Անգարա կատարած իր առաջին այցելութեան առիթով, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին, Վան Ռոմփիւի ըսած է. «Երկուստեք մեր նպատակը՝ նոր թափ տալ է Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացին: Մենք կÿուզենք աշխուժացնել մեր յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ անդամակցութեան վերաբերող նիւթերուն»: Եւրոպացի ղեկավարը նաեւ ողջունած է Թուրքիոյ կրօնամէտ-պահպանողական կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած բարենորոգումներու ընթացքը, ինչպէս օրինակ՝ Մարդկային իրաւանց բնագաւառին վերաբերող հարցերը, բարձր գնահատելով նաեւ ՓՔՔ-ի հետ հաշտութեան նախաձեռնութիւնը:

Իր կարգին, Էրտողան դիտել տուած է, թէ 2013 տարին խորհրդանշական է՝ Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ գործակցութեան համաձայնութեան 50ամեակը ըլլալու առումով: «Չենք ուզեր Եւրոպական Միութիւն մուտք գործել միայն մեր շահերուն համար. կ'ուզենք նաեւ բերել մեր ներդրումը»,- ըսած է թուրք վարչապետը՝ շեշտելով իր երկրին ներկայի առողջ տնտեսութիւնը, որ համաշխարհային 17-րդն է: «Բեռ պիտի չըլլանք Եւրոպայի»,- աւելցուցած է ան...: