Ամէն անգամ, երբ Թուրքիոյ քաղաքական դէմքերէն մէկը Պաքու կ՛երթայ, անպայմանօրէն կը յիշէ Ղարաբաղի հարցը եւ այդ կապակցութեամբ, մէկ կողմէ զօրակցութիւն ցոյց կու տայ Ատրպէյճանին, իսկ միւս կողմէ՝ ասպարէզ կը կարդայ Հայաստանին։
Տարազը նոյնն է՝ «Այնքան ատեն, որ Ղարաբաղի մէջ հայերու բռնագրաւումը պիտի շարունակուի, Թուրքիա Հայաստանին հետ որեւէ յարաբերութիւն պիտի չհաստատէ»։
Նոյն պատգամը տուաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայան, որ մասնակցած էր Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուած Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան գործարարական համախմբումին։ Անցած շաբաթավերջին կայացած ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Չաղլայան ըսաւ. «Մենք նմանօրինակ բոլոր հաւաքներուն ընթացքին կ՛ըսենք, որ մենք մէկ ազգ ենք, երկու պետութիւն։ Ատրպէյճանի ցաւը մեր ցաւն է, Ատրպէյճանի ուրախութիւնն ալ՝ մեր ուրախութիւնը։ Այնքան ատեն, որ հայերը Ատրպէյճանի պատկանող Ղարաբաղի բռնագրաւումը պիտի շարունակեն, այնքան ատեն, որ Ղարաբաղի հարցին լուծում մը պիտի չգտնեն, Թուրքիա Հայաստանի հետ որեւէ յարաբերութիւն պիտի չհաստատէ»։