Անվստահութեան սինտրոմէ կը տառապի՞ Ատրպէյճանը եւ ամէն ձեւով զինուիլ կը փորձէ...

Ինչպէս կը հաղորդէ APA լրատուական գործակալութիւնը, այս տարուայ Յունուարին երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագրի հիման վրայ՝

չինական կողմը ատրպէյճանական զինուած ուժերուն 3 միլիոն եուանի (490 հազար տոլար) օգնութիւն պիտի յատկացնէ, որու տեսականին պիտի հաստատուի կողմերու միջեւ լրացուցիչ ստորագրուելիք արձանագրութիւններով:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցը կը նշէ նաեւ, որ 2011 թուականին ստորագրուած միջպետական արձանագրութեան շրջանակներու ծիրէն ներս, Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն յատկացուցած է 6 միլիոն եուանի անհատոյց ռազմական օգնութիւն: