Կարս նահանգի ջրային գործերու պետական վարչութեան պետ Հ. Չէլէնք յայտարարած է, թէ Հայաստանի սահմանին՝ Արաքս գետին վրայ ջրամբար պիտի կառուցուի։

Ըստ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան՝ Չէլէնք այս ծրագրին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ Իգդիրի Թուզլուճա շրջանի (պատմական Կողբ) Եուքարը Չըյրըքլը գիւղին մօտ՝ Հայաստանի հետ սահմանէն 1200 մեթր հեռաւորութեան վրայ կառուցուելիք ջրամբարը պիտի ունենայ 45 մեթր բարձրութիւն։ Հայկական կողմը մտահոգ է այս զարգացումներով: