Պոլսոյ մէջ կայացող ռազմական արդիւնաբերութեան միջազգային ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, Ատրպէյճանի ռազմական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական արդիւնաբերութեան քարտուղարութեան միջեւ
ստորագրուած է համագործակցութեան արձանագրութիւն մը, որ կը ներառնէ համատեղ շարք մը նախագիծեր: Փաստաթուղթի ստորագրութեան արարողութեան մասնակցած են նաեւ Պոլիս գտնուող Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Սաֆար Ապիեւ եւ Իսմեթ Եըլմազ: