Թուրքիոյ Գերագոյն Ատեանը Յայտարարեց. «Տինքի Սպանութիւնը Կազմակերպուած Ոճիր Մըն Էր Եւ Ոչ Թէ Անհատական Արարք»

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Գերագոյն վերադատ ատեանը բեկանած է դատական նախկին վճիռը, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դատապարտեալները անպարտ հռչակած էր

քրէական կազմակերպութեան մը անդամակցութեան յանցանքէն՝ յայտնելով, որ սպանութիւնը գործուած էր զինեալ քրէական խմբակի մը կողմէ:

Դատարանը երէկ հրապարակած իր որոշումով վաւերացուց կասկածեալներուն դէմ արձակուած վճիռները, սակայն բեկանեց այն վճիռը, որ զիրենք անպարտ կը նկատէր քրէական խմբակի մը հետ կապ ունենալու մեղադրանքէն:

Նախկին վճիռը, ըստ որուն, Տինքի սպանութեան մէջ քրէական խմբակի մասնակցութիւն չկայ, մեծապէս վիճելի էր եւ Թուրքիոյ մէջ բանավէճ յարուցած:

Կասկածեալները այժմ դարձեալ Պոլսոյ մէջ պիտի դատուին այն դատարանին կողմէ, որ նախկին վճիռները արձակած էր: