Ատրպէյճանական նաֆթը ռուսական տարածքով՝ Պաքու-Նովոռոսիսկ խողովակաշարով փոխադրելու պայմանագիրը, որ կնքուած էր 1996 թուականին, կասեցուած է:
Այն դադրեցնելու մասին հրաման ստորագրած է Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը:
Պաշտօնական Պաքուն առայժմ որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած այս հարցի գծով:
Ռուսական “Տրանսնեֆթ” ընկերութեան ներկայացուցիչ Իկոր Տեմինը պարզաբանած է, թէ վերջին 5 տարուան ընթացքին ատրպէյճանական կողմը չէ կատարած պայմանագրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները` նախատեսուածէն 2 անգամ նուազ կազ տեղափոխելով: Մոսկուա բազմիցս կոչեր ուղղած է Պաքուին՝ աւելցնելու նաֆթատարի քանակութիւնը, մինչդեռ վերջինը որեւէ քայլի չի ձեռնարկած, ինչ որ պատճառ դարձաւ պայմանագրի լուծարման: