ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռետիօ».- Անգարա փափաք յայտնած է, որ Փարիզ փոփոխութեան ենթարկէ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ֆրանսա-Թուրքիա առեւտուրը աւելիով զարգացնել: Այսպէս յայտարարած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ, ըստ թրքական «Զաման» թերթին:
Ինչպէս նախապէս ալ հաղորդած էինք՝ ֆրանսական «GDF Suez» ընկերութիւնը ներկայիս կը համագործակցի ճափոնական «Միցուպիշի» եւ «Իթոչու» ընկերութիւններուն հետ, Թուրքիոյ մէջ երկրորդ հիւլէակայան մը կառուցելու նպատակով: Ծրագիրը 22 միլիառ տոլար կ՛արժէ:
Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը Ֆրանսայի հետ առեւտրական յարաբերութեանց կապելու սոյն բացայայտ քայլը նորութիւն մը չէ, որովհետեւ Անգարա անցեալ տարի մերժած էր հիւլէական ուժանիւթի ծրագիրներուն մասնակցելու ֆրանսական երկու ընկերութիւններուն դիմումները: