Իր տան մէջ 2005ին սպաննուած Ատրպէյճանի «Monitor» ռուսալեզու ամսագրի խմբագիր Էլմար Հիւսէյնովի սպանութեան գործով օրին շատ բան ըսուած էր, մինչ իշխանութիւնները կը հաւաստիացնէին թէ պատասխանատուները պիտի յայտնաբերուին ու արդարութեան յանձնուին:
Ութ տարի անցած է արդէն եւ տեղական թերթերու լրատուութեան համաձայն՝ ոեւէ անձ չէ ձերբակալուած, կամ պատասխանատուութեան չէ կանչուած:
Էլմար Հիւսէյնով 1990ական թուականներէն սկսած էր լրագրական իր ասպարէզը, նախապէս աշխատակցելով ազերիական «Զերկալօ» թերթին, ապա 1995ին հիմնելով «Մոնիթոր» ամսագիրը
«Լրագրողներ Առանց Սահմանի» միջազգային կազմակերպութեան կողմէ ահազանգ հնչած է, դիտել տալով թէ մամլոյ դաշտին հետ կապուած բռնութեան օղակը հետզհետէ աւելի կը սեղմուի Ատրպէյճանի մէջ, ուր տասնեակ յարձակումներ կը գործուին լրագրողներուն դէմ (անոնց կարգին նաեւ ականաւոր լրագրող եւ գրող Ռաֆիկ Թակի Նոյեմբեր 2011ի սպանութեան դէպքը):
Ոեւէ մէկը ոչ ուսումնասիրած, ոչ ալ լրջօրէն հետապնդած է այս սպանութիւններու դէպքերը: Նշենք, թէ «Մոնիթոր» ամսագիրը հետեւողականօրէն կը քննադատէր Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի եւ ներկայի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքականութիւնն ու մօտեցումները: Էլմար Հիւսէյնովի յօդուածները սուր լեզու կը գործածէին մատնանշելով երկրէն ներս տիրող մարդոց իրաւունքներու հարցերու, ատրպէյճանական բանտերուն մէջ խոշտանգումներու դէպքեր: Մի քանի առիթներով Հիւսէյնովը ճնշումներու ենթարկուած էր, ամսագիրը փակելու դատական հարցեր դիմագրաւելով: Ստիպուած եղած էր հրաժարելու, մեղանչելու, բայց միշտ ալ ետ կուգար, հրապարակային ձեւով բողոքելով այդ ճնշումներուն դէմ եւ բացայայտելով իր սահմանադրական իրաւունքներուն տէր կանգնելու վճռակամութիւնը: Պետական ճնշումները նոյնիսկ ընդարձակուեցան ամսագիրը տպագրող ընկերութիւններուն եւ տպարաններուն դէմ: