Թրքական Hurriyet Daily News թերթը, վկայակոչելով NTV կայանի հաղորդումը յայտնած է, թէ Անգարայի դատախազը կը քննէ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիարք Պարթոլոմէոսի դէմ մահափորձի մը պարագան:

Քննութիւնը սկսած է Կայսերի քաղաքէն նամակի մը ստացումէն յետոյ, ըստ որու՝ Մայիս 29-ին կը ծրագրուէր մահափորձը, Պոլսոյ գրաւման տօնին առիթով...

Անձ մը ձերբակալուած է եւ երկու հոգի եւս կը փնտռուին ոստիկանութեան կողմէ:

Ձերբակալուած անձը կը հերքէ մեղադրանքները եւ կը պնդէ, թէ ինք Պոլիս գացած էր իր ազգականները  այցելելու:

Քննութիւնները կը շարունակուին: