Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցը այս տարի նախորդ տարիներէն աւելի բարձր աղմուկ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ, ուր այլեւս կը բարձրանայ թիւը այն անձերուն կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք Ապրիլ 24ին հրապարակ կ՛իջնեն յիշեցնելու համար 1915ի պատահածները եւ բաժնելու համար հայ ժողովուրդին հարիւր տարիէ ի վեր կոտտացող ցաւը։

Բայց, հայոց ի նպաստ գործող այս անձերն ու կազմակերպութիւնները միշտ իրենց դիմաց կը գտնեն հակառակորդներ, որոնք դեռ կը շարունակեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալ ու անոր առջեւ «սէօզտէ» կամ «եալան» որակականները զետեղել ու պաշտպան կանգնիլ այն տեսակէտին, որ պետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը կազմէ, հակառակ որ այդ քաղաքականութիւնը այլեւս չունի նախկին ամբողջական ժխտումի բնոյթը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, ոգեկոչումներ կատարուեցան Պոլսոյ, Տիարպեքիրի, Տերսիմի, Անգարայի, Ատանայի եւ Իզմիրի մէջ։ Իզմիրի ցոյցը պատճառ դարձաւ, որ հակառակ տեսա- կէտ պաշտպանող խմբակ մը հակացոյց ընէ ու ստեղծէ կարճատեւ իրարանցում։

Ոգեկոչումին համար բազմութիւն մը հաւաքուած էր Իզմիրի Տօնավաճառի դաշտի դրան առջեւ։ Ցուցարարները կը կրէին վերտառութիւններ, ուր գրուած էր. «Մի մոռնար 24 Ապրիլ 1915ը», եւ ցուցարարները հայերու ի նպաստ լօզունգներ կ՛արձակէին։

Այդ միջոցին Տօնավաճառի դաշտին ուրիշ մէկ դրան առջեւ հաւաքուեցան «Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութիւն» կոչուած կազմակերպութեան անդամներ, որոնք «Հայկական Ցեղասպանութեան սուտը» գրութեամբ վերտառութիւններ պարզեցին ու բանավէճ սկսաւ։ Ոստիկանական ուժերը անմիջապէս միջամտեցին ու իրարմէ անջատեցին երկու խմբակները:

Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքներուն կարեւորագոյնն էր Սուլթանահմետի մէջ կայացած հաւաքոյթը, որուն ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան կողքին յիշատակուեցաւ նաեւ ասորիներու նկատմամբ գործադրուած ցեղասպանութիւնը։ Թուրքիոյ Իսլամական գործերու թանգարանի շէնքին առջեւ պարզուած էին վերտառութիւններ, ուր կ՛ըսուէր, թէ 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն է եւ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է։ Հոն տեղադրուած էին նաեւ Ապրիլ 24, 1915ին ձերբակալուած հայերու լուսանկարները եւ անունները այն հայաբնակ գիւղերուն, որոնք գոյութիւն ունէին 1915էն առաջ եւ որոնց անունները փոխուեցան յետագային։ Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Մարդկային իրաւունքներու միութեան, «Տուր-Տէ» կազմակերպութեան, Շուէտի ասորի երիտասարդական դաշնակցութեան, «Նոր Զարթօնք» հայ երիտասարդական խմբաւորումին, Ընկերվարական կուսակցութեան եւ այլ կազմակերպութիւներու նախաձեռնութեամբ։

Մասնակիցները դիտել կու տային, որ Ապրիլ 24ի գիշերը ձերբակալուածները այս շէնքին մէջ բանտարկուեցան եւ հոնկէ ճամբայ հանուեցան դէպի մահ։

Ազդեցիկ ելոյթ ունեցաւ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի առաջնորդներէն Էրեն Քեսքին, որ պահանջեց վերջ տալ Ցեղասպանութեան ուրացուման, որպէսզի արդարութիւն հաստատուի։ Ան ըսաւ, որ այս Ցեղասպանութիւնը վերջ տուաւ Անատոլուի մէջ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներու կեանքին։ Ան ըսաւ, որ հայերու եւ ոչ իսլամներու նկատմամբ ատելութիւնն ու թշնամութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի. «Հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին, զինուոր Սեւակ Պալըքճըն այս մասին փաստ մըն է. հակառակ անոր, որ ան վայրագօրէն սպաննուեցաւ, դատարանը այդ սպանութիւնը արկած նկատեց»։

Քեսքին հրապարակաւ պահանջեց, որ ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուի, այլ նաեւ բռնագրաւուած կալուածները վերադարձուին, նիւթական եւ բարոյական վնասները հատուցուին եւ հայերուն վերադարձը արտօնուի դէպի իրենց մայր հայրենիքը։ «Որքա՛ն ատեն, որ Ցեղասպանութիւնը չի ճանչցուիր եւ մենք դէմ յանդիման չենք գար յանցագործութիւններուն հետ, այս հողերուն վրայ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն պիտի չունենայ», ըսաւ ան։

Ոգեկոչումներուն առաջինը կայացաւ Զինճիրլիգիւղի գերեզմանատան մէջ, ուր նշուեցաւ յիշատակը Քիւթահիոյ կառավարիչ Ֆայիք Ալի Օզանսոյի, եւ դիտել տրուեցաւ, թէ Օզանսոյ չէր գործադրած տեղահանութեան հրահանգը, այլ ուրիշ քաղաքներէ խոյս տալով Քիւթահիա հասած հայերուն լաւ վերաբերում ցոյց տուած էր։ Երբ ան բացակայութենէ մը ետք վերադարձած էր, դէմ եկած էր այն փաստին, որ բազմաթիւ հայեր բռնութեամբ հրաւիրուած էին իսլամութիւնը ընդունելու։

Ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի նախագահ պատմաբան Արա Սարաֆեան: