«Հայաստանը շինիչ դիրքորոշում չունի»...

Ատրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Անգարայի կողմէ «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութեան որդեգրումէն ետք վերջերս Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ նկատուող լարուածութեան պատճառը այդ երկիրներու վարած քաղաքականութիւնն է։

Տաւութօղլու նշած է, որ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի ոչ շինիչ դիրքորոշումը, Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ խաղաղ բնակչութեան դէմ ռազմական ուժի կիրարկումը եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի զինեալներու վնասազերծման Անգարայի սկսած ռազմական գործողութիւնները տարածաշրջանին մէջ այդ հարեւաններուն հետ որոշակի լարուածութիւն ստեղծած են։
Ըստ անոր, «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութիւնը չի նշանակեր, որ Թուրքիան անտարբեր պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ իր անվտանգութեան համար միջոցներու պիտի չձեռնարկէ։