Թրքական մամուլը իր հրապարակումներով անդրադարձաւ նախագահի որոշումով նախատեսուած փոքրամասնութիւններու կալուածներու վերադարձի հարցին, դիտել տալով թէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու համար պայքարին մէջ կարեւոր շրջդարձ արձանագրուած է։ Ինչպէս երէկուան մեր թիւով կը հաղորդէինք, Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական որոշումով՝ երկրի փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին հայերուն, կը վերադարձուի 1936-էն ի վեր խլուած կալուածները։

Խորհրդարանի դրական վաւերացումէն ետք այս ամէնը անուանափոխման գրասենեակներու միջոցով պիտի վերադարձուի իրական տէրերուն։ Կառավարութեան այս որոշումը քանի մը ժամ ետք լուրջ արձագանգ գտաւ՝ թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական։
Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ եպս. Աթէշեանը «Երկիր Մետիա»ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշած է, որ ասիկա ուրախալի փաստ է, սակայն ոչ անակնկալ, որովհետեւ ամիսներ առաջ անիկա արդէն կը քննարկուէր։
«Անշուշտ հաճելի է այս որոշումը պաշտօնապէս տեսնել կառավարութեան տեղեկագիրին մէջ», աւելցուցած է սրբազանը։
Իսկ Արեսն Երման, որ ամենամեծ վարչական կալուածներ ունեցող հիմնադրամներէն է եւ Ազգային Ս.Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան խորհուրդի փոխ ատենապետը, շեշտած է, որ իրենք առաջինն էին, որ դիմեցին Եւրոպական դատարան եւ ետ ստացան կալուածներու մէկ մասը, որմէ ետք կառավարութիւնը սկսաւ աւելի լուրջ մտածել հարցի մասին։
Վրդովմունքի ալիք բարձրացուցին նաեւ շատ քաղաքացիներ, որոնք այսօր կը բնակին այդ կալուածներուն մէջ։ Անոնք չեն ընդունիր որոշումը։ Հնչեցին նաեւ ծայրայեղական այնպիսի կարծիքներ, թէ Թուրքիային ալ պէտք է վերադարձուին Եւրոպայի տարածքին մէջ գտնուող եւ թուրքերուն պատկանող կալուածները։ Հարցը ներքաղաքական պայքարի որպէս լուրջ խնդիր կը ներկայացուի։

Հայ Դատը Կը Խոստանայ Շարունակել Թուրքիոյ
Բռնագրաւած Կալուածները Վերադարձնելու Պայքարը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, անդրադառնալով փոքրամասնական կարգ մը կալուածներ վերադարձնելու Անգարայի որոշումին՝ յստակացուց, թէ Թուրքիոյ խոստացածը միայն մէկ տոկոսը կը կազմէ հայերէն գրաւուած կալուածներուն եւ ինչքերուն, աւելցնելով, թէ Անգարա այս քայլին դիմած է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ճնշումներուն տեղի տալով:
Ան նոր որոշումը համարեց Թուրքիոյ արհաւիրքները ծածկելու ձախող փորձ մը եւ աւելցուց, թէ հայկական բռնագրաւուած բոլոր եկեղեցիները, սրբավայրերը եւ կալուածները վերադարձնելու պայքարը պիտի շարունակուի: