Նոր հաղորդուած Երեւան-Վան թռիչքներու իրագործման մասին հերքումի լուրեր տարածուած են ատրպէյճանական մամուլի եւ Reuters լրատուական գործակալութեան կողմէ: Ծանօթ էր արդէն դժգոհութիւնը որ այս լուրը յառաջացուցած էր ատրպէյճանական շրջանակներուն մօտ:


Տեղեկատուութիւնը յստակացնելու համար «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութիւնը կապ  հաստատած է թռիչքները իրականացնող թրքական օդանաւային ընկերութեան «Բոռա Ժեթ»ի  տնօրէնին հետ, որ ոչ հերքած, բայց նոյն ժամանակ ոչ ալ յստակացուցած է թռիչքներու պարագան: Ան  նշած է, որ այս առնչութեամբ մեկնաբանութիւն պիտի տրուի Երկուշաբթի օր, երբ կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը վերադառնայ արտասահմանէն: Նոյն պահուն քննարկումներ կատար-ւած են «Բոռա Ժեթի» հետ համագործակցող «Նարեկավանք Տուր» ընկերութեան տնօրէն Աշոտ Սողոմոնեանի հետ, որ յայտնած է, թէ իրենք կը հետեւին յայտարարութիւններուն ու դիմած են «Բոռա Ժեթ»ին՝ տեղեկութիւնը հաստատելու համար, բայց որեւէ պատասխան չեն ստացած առայժմ:
Յիշեցնենք որ երկար տարիներ քննարկուած դէպի Վան ուղիղ թռիչքներու հարցը քաղաքական շահարկումներու թեմա է։ Թրքական կողմը պարբերաբար լուրեր կը հրապարակէ այս հարցով, իբրեւ բարի կամքի դրսեւորման ապացոյց, սակայն մինչ այդ երբեք չէ գործնականացած այս պարագան:
Թռիչքներու իրագործման համաձայնութեան կայացումէն յետոյ Ատրպէյճանը մեծ աղմուկ բարձրացուց: