Հակահայ իրենց յանցագործութիւնները ծածկելու միտումով ատրպէյճանցիները կրկին դիմեցին պատմական իրողութիւններու խեղաթիւրման եւ անհիմն տեղեկութիւններու թղթածրարներով յառաջ քշեցին Խոջալուի այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» դէպքը:
Արդարեւ, հայրենի «Անկախ» կայքէջը երէկ ատրպէյճանական contact.az կայքին վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, որ ամերիկեան Փենսիլվանիա նահանգը ընդունած է Խոջալուի այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» բանաձեւը:
Ըստ նոյն աղբիւրին, նոյն բանաձեւին առընչուող թղթածրարներ ընդունած են նաեւ ամերիկեան Միսիսիփփի, Մեն, Թեքսաս, Արքանսաս, Օքլահոմա, Նիւ Մեքսիքօ եւ Թենըսի նահանգները: