Թուրքիոյ մէջ հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան համար
դատարանը 4.5 տարի եւ 10 օր պատիժ սահմանեց
Երէկ գիշեր յայտարարարուեցաւ հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան համար դատավճիռը։
2011-ի Ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Քոզլուքի շրջանի զօրամասէն ներս ծառայող հայազգի Սեւակ Շահին Պալըքճըի սպանութեան գործով, դատարանը մեղադրեալին համար սահմանեց ընդամէնը չորս ու կէս տարուայ եւ 10 օրուայ պատիժ։ Մեղադրուողը Քըվանչ Աղաօղլուն էր։
Ռազմական դատախազը հրապարակեց մեղադրական եզրակացութիւնը, որու համաձայն, կատարուած սպանութեան մէջ դիտաւորութեան ոչ մէկ նշան չէ յայտնաբերուած, եւ Քըվանչ Աղաօղլուի յանցագործութիւնը դիտուած է որպէս անփութութեան հետեւանք...:
«ՍԵՒԱԿ ՊԱԼԸՔՃԸ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԱՅ ԷՐ»
Կ'ԸՍԷ BDP-ՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԸ
Դատավարութեան անհաւատալի դանդաղութիւնը, թրքական արդարադատութեան կողմէ ցուցաբերուող բացայայտ դժկամութիւնը, յաւելեալ՝ դատախազին այն խօսքերը թէ ինք համոզուած չէ որ Սեւակ սպաննուած է դիտաւորեալ կերպով, տարաբախտ երիտասարդին մայրը մղած են հառաչելու դատարանին մէջ՝ «Եղունգներովս հողը փորել ու զաւակս հոնկէ դուրս բերել կ'ուզեմ: Մենք շատ դժբախտ կ'ըլլանք եթէ մեզ ստիպէք դիմելու օտար երկիրներու դատարաններուն»:
Դատական նիստէն առաջ Տիյարպաքըրի մէջ, քրտամէտ BDP կուսակցութեան Տիյարպաքըրի երեսփոխանուհի էմինէ Այնայի, Մարդկային իրաւանց միութեան Տիյարպաքըրի մասնաճիւղի անդամներուն եւ Սեւակի հարազատներուն մասնակցութեամբ բացօթեայ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցած է: Երեսփոխանուհի Է. Այնա իր խիստ ելոյթին մէջ պնդած է, որ Սեւակ՝ սպաննուեցաւ պարզապէս որովհետեւ հայ էր: Ան դիտել տուած է. «Այս դատավարութիւնը կատակերգութիւն է, որովհետեւ կազմակերպուած է յանցագործը պաշտպանելու միտումով»: