Թուրքիոյ կառավարական պաշտօնական թերթին մէջ լոյս տեսած օրէնքով, յայտարարուեցաւ փոքրամասնական 1936ին գրաւուած կալուածներու վերադարձը՝ իրենց տէրերուն: Վարչապետ Էրտողան այս յայտարարութիւնը կատարեց երէկ Կիրակի գիշեր Ռամատանի տօնակատարութեան աւարտին հրաւիրուած ընթրիքի մը ընթացքին, աւելի քան 160 մասնակիցներու ներկայութեան, ուր ներկայ գըտնուեցան հայ եւ յոյն համայնքներու անդամները:

Այս որոշումի լոյսին տակ, ազգային փոքրամասնութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ետ պահանջելու իրենց ունեցուածքը՝ անշարժ գոյք, հիմնադրամ, դպրոց, հիւանդանոց, գերեզմանատուն եւայլն: Յառաջիկայ 12 ամիսներուն ընթացքին ազգային փոքրամասնութիւնները կրնան դիմում ներկայացնել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ վերադարձնելու համար իրենց կալուածները: Այն պարագաներուն ուր կալուածը երրորդի մը ձեռքը անցած է, նիւթական հատուցում պիտի տրամադրուի  Թուրքիոյ տնտեսական նախարարութեան կողմէ:

Ինչպէս ծանօթ է փոքրամասնական բռնագրաւուած կալուածներու հարցը հին պատմութիւն ունի: 1936ին թրքական պետութիւնը փոքրամասնական հիմնարկներէն եւ թաղականութիւններէն պահանջած էր մանրամասն տեղեկագրութիւններ իրենց ունեցուածքի վերաբերեալ: Այդ տեղեկագրերը վերջնական համարուեցան եւ վագըֆներու տնօրէնութեանց միջոցաւ բռնագրաւուեցան կալուածները: 1972ին իրաւական օրինականութիւն տրուեցաւ նախորդ որոշումին:

Փոքրամասնութիւնները գոհունակութիւն յայտնած են այս որոշումէն, որ թրքական մամուլի հրապարակումներուն համաձայն՝ «յեղափոխական քայլ մըն է, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուի»: Յատուկ կը նշուի թուրք վարչապետի դերակատարութիւնը այս հարցով, որ նախընտրեց նոր օրէնքին նախագահական որոշումով ընթացք տալ, խորհրդարանի երկար եւ իրարամերժ  քննարկումներու յանձնելու փոխարէն:


ԷՐՏՈՂԱՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԳՈՒՄԱՐ ՏՈՒԱՒ, ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ ԳՈՎԱԶԴ

Թրքական «Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան առընթեր Մամլոյ մէջ յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութիւնը որդեգրած է որոշում մը, ըստ որուն, նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն պատկանող վեց թերթերու:

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Մարմարա», «Ժամանակ», «Ակօս», յունական «Ափոնմաթինի», «Իհօ» եւ հրէական «Շալոմ» թերթերուն թրքական պետութիւնը ընդհանուր առմամբ պիտի յատկացնէ 250 հազար թրքական լիրայի (շուրջ 140 հազար տոլար) նիւթական օժանդակութիւն:

Միեւնոյն ժամանակ Մամլոյ մէջ յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութիւնը անփոփոխ պահած է գործող այն օրէնքը, ըստ որուն, ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող թերթերուն էջերուն մէջ պաշտօնական վճարովի եւ գովազդային բնոյթի յայտարարութիւններ տեղադրելու իրաւունքը սահմանափակուած է:

«Պիանեթ» կ՛ընդգծէ, որ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող թերթերուն գլխաւոր աջակցութիւնը պիտի ըլլար գովազդային յայտարարութիւններու հետ կապուած արգելքի վերացումը:

Յունական «Ափոնմաթինի» թերթի սեփականատէր Միհայիլ Վասիլիատիս ըսած է, որ իրենց թերթին ցուցաբերուելիք նիւթական օժանդակութիւնը բաւարար չէ անոր հրատարակման առնչուած խնդիրները յաղթահարելու համար: «Անշուշտ, ասիկա աջակցութիւն է: Սակայն այսպիսի գումարով կարելի չէ շարունակել թերթի լիարժէք գործունէութիւնը: Այդ գումարը պիտի օգնէ միայն թերթի գոյատեւման», ըսած է ան‘ նշելով, որ միայն այս տարի թերթին համար սեփական միջոցներէն ծախսած է 20 հազար թրքական լիրա (շուրջ 11 հազար տոլար):

Ըստ Թուրքիոյ մէջ գործող օրէնքին, պաշտօնական վճարովի եւ գովազդային բնոյթի յայտարարութիւններ տեղադրելու իրաւունքէն օգտուելու համար թերթը նախ պէտք է ըլլայ օրաթերթ, ունենայ առնուազն 8 էջնոց ծաւալ, աւելի քան 5 հազար տպաքանակ եւ խմբագրութեան մէջ պէտք է աշխատի առնուազն 7 մարդ:
Ինչ կը վերաբերի ազգային փոքրամասնութիւններու թերթերուն պետական ֆինանսաւորում յատկացնելու որոշումին, ապա ատիկա վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնութիւնն է:

Նախքան որոշումը տալը, Մամլոյ մէջ յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են վերոնշեալ թերթերու գլխաւոր խմբագիրներուն հետ: Քննարկուած հիմնական նիւթը գովազդներու տեղադրման արգելքի վերացումը եղած է:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական թերթերու ֆինանսաւորման հիմնական աղբիւրը համայնքն է: