ՊՈԼԻՍ.- «Նոր Զարթօնք» խմբակին նախաձեռնութեամբ, երէկ Չորեքշաբթի, Փետրուար 27ին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ կայացած է հաւաք մը, իսկ Հինգշաբթի, Փետրուար 28ին այլ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) օդուժի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, լուսարձակի տակ առնելու համար Ապրիլ 24, 2011ին սպաննուած Թուրքիոյ բանակի ծառայութիւն կատարող հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճիի հարցին ձգման պարագան:
Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, «Նոր Զարթօնք»ը կը շեշտէ, թէ նշեալ հաւաքները կը կազմակերպուին իբրեւ զօրակցութիւն Սեւակի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ դատապարտելու համար այն իրողութիւնը, որ ոճիրէն երկու տարի ետք, ոճրագործը տակաւին կը շարունակէ ազատ մնալ, նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ու փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու եւ այլախոհներու վրայ շարք մը այլ յարձակումերու պատասխանատուները անպատիժ կը մնան: