Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի փոխ նախագահ, արտաքին կապերու բաժանմունքի պետ Նովրուզ Մամետով յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է յստակութիւն մտցնէ այն շնորհաւորանքի հարցով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

«Մամուլէն տեղեակ դարձայ, որ իբրեւ թէ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շնորհաւորանքներ յղած է: Ես յստակ տեղեկութիւններ չունիմ, որովհետեւ պէտք է սերտել այս հարցը, քանի որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական կապեր չկան: Ընդհանուր առմամբ, Սերժ Սարգսեանի անունով մէկ կամ երկու շնորհաւորանք ստացուած է: Նոյնիսկ եթէ նման շնորհաւորանք եղած է, պէտք է հասկնալ, արդեօք ատիկա թրքական պետութեան դիրքորոշո՞ւմն է կամ թերեւս Ապտիւլլա Կիւլի՞նը, եւ ատիկա պէտք է յստակացուած ըլլայ», աւելցուցած է Մամետով:

 

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը
ընդառաջելով Ատրպէյճանի պահանջին կը յայտարարէ. -

«Սերժ Սարգսեանին ուղղուած շնորհաւորանքը կատարուած է թրքական դիւանագիտութեան աւանդութիւններուն համապատասխան»

Ի պատասխան ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թրքական գրասենեակի հարցադրումին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակի մը մէջ կը նշէ, որ նախագահ վերընտրուելու կապակցութեամբ Սերժ Սարգսեանի յղուած շնորհաւորական ուղերձը կատարուած է թրքական դիւանագիտութեան աւանդութիւններուն համապատասխան:

Նախարարութենէն նշած են, որ ինչպէս նախապէս, հիմա եւս այլ երկիրներու մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներուն յայտարարումէն ետք կ՛ուղարկուին շնորհաւորական ուղերձներ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիա 16 Դեկտեմբեր 1991-ին ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնը: «Քաղաքակրթութեան միջազգային չափանիշներու ծիրին մէջ փոխադարձ ձեւով կրնան ուղարկուիլ շնորհաւորական ուղերձներ», յայտնած են նախարարութենէն:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շնորհաւորական ուղերձ յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ վերջինիս նախագահ վերընտրուելուն առիթով: Այդ մասին տեղեկութիւնը հրապարակած էր Կիւլի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ատրպէյճանը Թուրքիայէն այս հարցով բացատրութիւններ պահանջած էր: Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժանմունքի պետ Նովրուզ Մամետով յայտարարած էր, որ Թուրքիան պէտք է շնորհաւորութեան հարցը յստակացնէ: