Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ հայերու հետ արիւնակցական կապ ունենալու մասին երկրորդ ցնցող յայտարարութիւնը հնչած է Չորեքշաբթի, Փետրուար 20ին, երբ Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆազայիլ Աղամանլը նշած է, թէ աշխատանքի եւ բնակչութեան ընկերային պաշտպանութեան մահացած փոխնախարար Իլկար Ռահիմովի մայրը հայուհի մըն է:

Ըստ «musvat.com» կայքին՝ Ռահիմովի յուղարկաւորութիւնը կազմակերպուած է ոչ թէ իսլամական, այլ քրիստոնէական աւանադոյթներով:

«Ռազմավարական պաշտօնները պէտք է զբաղեցնեն զտարիւն ատրպէյճանցիները», աւելցուցած է Աղամանլը՝ զօրակցութիւն յայտնելով Պաքուի փոխադրամիջոցներու ղեկավար Թաղի Մամետովին, որ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Կիւլար Ահմետովայի մեծ մայրը հայուհի մըն է եւ թէ միայն «զտարիւն ատրպէյճանցիներ» պէտք է քաղաքական պաշտօններ ստանձնեն:

Երեքշաբթի օր, նման ցեղապաշտական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է նաեւ Ատրպէյճանի իշխող «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Սիավուշ Նովրուզով՝ նշելով, թէ 600,000 անդամ ունեցող իշխող կուսակցութեան կազմին մէջ հայեր չկան: «Կուսակցութեան շարքերուն մէջ կան այլ ժողովուրդներէ ներկայացուցիչներ, բայց մենք հայերը չենք ընդունիր մեր կուսակցութեան շարքերը: Դիմումներ ներկայացուած են, սակայն մերժուած են: Այսօր մեր կուսակցութեան շարքերուն մէջ ոչ մէկ հայ կայ», ըսած է Նովրուզով: