Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի, ընդառաջելով թուրք իր պաշտօնակցին հրաւէրին, պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա գացած է: Երկու վարչապետերու տեսակցութեան, բազմաթիւ այլ նիւթերու կարգին, արծարծուած է նաեւ Մեսխեթցի Թուրքերու ճակատագիրը:
Հանդիպումէն ետք՝ թուրք վարչապետը յայտարարած է. «Հաճելի է տեսնել, որ վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի դրական մօտեցում ունի 70 տարի առաջ իրենց օճախներէն վտարուած Ախալցխայի Թուրքերը Վրաստան վերադարձնելու հեռանկարին նկատմամբ»:
Վրաստանի իշխանութիւնները 90ականներուն՝ Եւրոպայի խորհուրդ մուտքի գործընթացին մէջ, հարկադրուեցան այս նիւթն ալ օրակարգի բերել ու խոստանալ, թէ պիտի նպաստեն Մեսխեթցի Թուրքերու հայրենադարձութեան, թէեւ ցարդ այդ առընչութեամբ որեւէ լուրջ քայլ չէ առնուած:
Երկու վարչապետերու այս հանդիպումին խօսակցութեան նիւթ եղած է նաեւ Թուրքիա գտնուող վրացական յուշարձաններու հարցը: Իվանիշվիլիի համաձայն՝ Արտահանի մօտերը գտնուող երկու յուշարձաններու վերանորոգման աշխատանքներուն կը հետեւին նաեւ վրացի փորձագէտներ: Քննարկուած են նաեւ Աճարիոյ մէջ մզկիթ կառուցելու խնդրայարոյց խնդիրը, բնականաբար նաեւ՝ տնտեսական կապերը ամրապնդելու հարցը: Այս առթիւ Էրտողան նշած է. «Թուրքիա Վրաստանի առեւտուրի թիւ մէկ գործընկերն է: Մենք կÿուզենք խորացնել այդ կապերը»:
Յիշեցնենք, որ 1944ին, խորհրդային իշխանութիւններու որոշումով, Վրաստանի՝ Թուրքիոյ սահմանակից քանի մը շրջաններէն մեսխեթցի Թուրքերը արտաքսուած են դէպի Կեդրոնական Ասիա, քանի որ անոնք կը համարուէին գերմանացի ֆաշիստներուն համակրող եւ թրքական յատուկ ծառայութիւններու հետ գործակցող կասկածելի տարր: Մօտաւոր տուեալներով՝ ներկայիս աշխարհի վրայ անոնց թիւը կը գնահատուի 300 հազար: