Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին գազանաբար սպաննած Ռամիլ Սաֆարովի կացինի 16 հարուածները հարազատ մշակոյթ ստեղծեցին Ատրպէյճանի մէջ։

Երէկ նոյնանման նոր դէպք մը պատահեցաւ Պաքուի մէջ, երբ Վրաստանի քաղաքացիի մը դէմ յարձակում գործեց Լանքերանի շրջանի բնակիչ Թալեհ Բագիրովը, վիճաբանութեան մը որպէս արդիւնք։ Ազերին յարձակեցաւ վրացիին դէմ եւ կացինով բազմաթիւ հարուածներ հասցուց հակառակորդի գլխուն։ Վիրաւորուած վրացին հիւանդանոց փոխադրուած է, ծանր վիճակի մէջ։

Բագիրովը ձերբակալուած է ու իր դէմ յարուցուած է քրէական գործ։