Տեղեկանանք Թուրքիոյ «Սիւլէյման» ծրագրի մասին

Յունաստան ներթափանցելու թրքական ջանքերը իրենց զօրակիցը գտած են Ալպանիոյ մօտ, որու հետ վերջերս կարեւոր համաձայնագիրներ կը կնքուին, յատկապէս գործարարական մակարդակի վրայ:

Անցեալ շաբաթավերջին Թիրանա այցելեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ, որ հանդիպումներու շարք մը իրագործեց երկրի ղեկավար շրջանակներուն հետ: Հանդիպումներու բովանդակութիւնը «փակ» մնաց լրագրողներուն համար: Այդ ինչ որ հրապարակուեցաւ՝ Սալի Պերիսայի եւ Պուեար Նիշանի շնորհակալական խօսքերն էին, Թուրքիոյ  տրամադրած զինուորական աջակցութեան կապակցութեամբ: Թուրքիա կը ձգտի ուժեղացնել Ալպանիոյ մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը, անոր փոխարէն զինուորական դաստիարակութիւն տրամադրելով ալպանացիներուն, ապա նաեւ զէնքերու համակարգ: Անգարա լուրջ ներդրումներ կը կատարէ Ալպանիոյ մէջ, երկիրը համարելով ընդհանուր տարածաշրջանէն ներս իր «արբանեակը»: Եըլմազի այցելութենէն հազիւ մի քանի օր առաջ յայտարարուեցաւ Տիրախիոյի նաւահանգիստի ապրանքաշրջանառութեան բաժնի տրամադրումը թրքական «Քուրում Շիփինկ» ընկերութեան, 35 տարուայ ժամկէտով: Հոս կ'արժէ նշել թէ նոյն այս ընկերութեան կը պատկանին Ալպանիոյ Պիսթրիցա շրջանին հիտրո-ելեկտրակայանները, ուրկէ ելեկտրականութիւն կը մատակարարուի նաեւ Յունաստանի: Թրքական հետաքրքրութիւնը Յոնիական կղզիներու նաւահանգիստներու, հիւսիսային Յու- նաստանի մէջ զբօսաշրջական համալիրներու եւ բոլոր նմանօրինակ ծրագիրները կը կրեն «Սիւլէյման» անունը...