Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացիութեան քաղաքականութեան հարցերու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ իր անհանգստութիւնը արտայայտած է Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու, մասնաւորապէս ընդդիմադիր գործիչներ Իլգար Մամետովի եւ Թոֆիգ Եագուբլուի ձերբակալութեան կապակցութեամբ:
Ատրպէյճանական Haqqin.az կը յայտնէ թէ Ֆիւլէ կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի ապահովելու կալանաւորներու իրաւունքները։
«Իլգար Մամեդովի, ինչպէս նաեւ Թոֆիգ Եագուբլուի ձերբակալութիւնն մեր խոր մտահոգութիւնը կը յառաջացնէ: Այս բասացական տպաւորութիւն կը թողու Ատրպէյճանի մէջ արդարութեան յաղթանակի կապակցութեամբ: Մենք կոչ կ'ուղղենք Ատրպէյճանին համաձայն իր իսկ կողմէ ընդունած միջազգային պարտաւորութիւններուն՝ ապահովել բոլոր կալանաւորներու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ ապահովել քրէական գործընթացի թափանցիկութիւնը»,- յայտարարեց Ֆիւլէ։
Ազերի ընդդիմադիր գործիչներու չհիմնաւորուած ձերբակալութեան գծով դժգոհութիւն յայտնած էին նաեւ եւրոպացի այլ պաշտօնակատարներ։