«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը Հրանդ Տինքի սպանութեան շուրջ խորհըրդարանական հետաքննութիւն պահանջած է:
Կուսակցութիւնը առաջարկը Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահի գրասենեակին ներկայացուցած է 21 Յունուարին՝ Տինքի սպանութեան 6-րդ տարելիցի ոգեկոչումէն օրեր ետք: Իտրիս Պալուքենի գլխաւորութեամբ խումբ մը երեսփոխաններու ներկայացուցած դիմումին մէջ նշուած է, թէ իրենց պարտաւորութիւնները կամայ կամ ակամայ կերպով անտեսած պետական պաշտօնեաներու շուրջ հետաքննութիւն բնաւ չէ կատարուած:
Քրտական կուսակցութեան անդամ երեսփոխանները յայտնած են, որ դատական հոլովոյթին ընթացքին կիրարկուած գաղափարաբանական խտրականութիւնը հասարակութեան խիղճին մէջ մեծ վէրք մը բացած է: Անոնք խորհրդարանական հետաքննութիւն մը պահանջած են արդարութիւն հաստատելու եւ Տինքի սպանութիւնը իր խոր կապերով հետաքննելու համար: