Ատրպէյճանի Գիտութեանց ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, երեսփոխան Եաքուպ Մահմուտով յայտարարած է, թէ Ղազախստանէն, Թուրքմէնստանէն, Ուզպէքստանէն, Մոլտովայէն, Վրաստանէն եւ Տաղստանէն գիտնականներ՝ մօտ օրէն պիտի հրաւիրուին Պաքու, թրքախօս բոլոր ժողովուրդները պարփակող թրքական հասարակաց պատմութիւն մը կազմելու համար:

Մահմուտով աւելցուցած է թէ, ինչ ալ ըլլայ այդ աշխատանքներուն արդիւնքը՝ առնուազն պիտի պատրաստուի թուրքեւատրպէյճանական հասարակաց պատմութիւն մը: Նշեալ նիւթին նուիրուած աշխատանքներուն զարկ տալու մասին արդէն համաձայնութիւն գոյացած էր Իլհամ Ալիեւի եւ Էրտողանի միջեւ:

«Մեր ձեռքէն եկածը պէտք է ընենք, որպէսզի Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Միջին Ասիոյ հանրապետութիւններուն մէջ՝ մեր երիտասարդները հաւասարապէս սիրեն Շահ Իսմայիլը, Էմիր Թէյմուրը, Սուլթան Սիւլէյմանը եւ միւս թուրք անձնաւորութիւնները», ըսած է Մահմուտով: Ան անդրադարձած է նաեւ կարեւորագոյն երեւոյթի մը՝ ցեղասպանութեանց հարցին… զորս գործած են հայերը… Արեւելեան Անատոլիայի, Ատրպէյճանի հարաւը եւ Պաքուի մէջ: Մահմուտով յանձնարարած է՝ աւելի մեծ ուշադրութիւն ընծայել այդ դէպքերուն...