«Ակօս»ի գրասենեակներուն առջեւ հազարաւոր մարդիկ համախմբուեցան ոգեկոչելու թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 6-րդ տարելիցը:
Պաստառին վրայ գրուած է հետեւեալը.
«Հրանդ Տինք, Սեւան Պըչաքճը, Սամաթիա. Այլեւս սպաննուիլ չենք ուզեր»
Ստորագրութիւն՝ թրքահայեր
Նախորդ տարիներու նման այս անգամ եւս մարդոց հոծ բազմութիւնը`«Մեն քբոլորս Հրանդեն, մենք բոլորս հայենք» կարգախօսներով Շիշլիի հրապարակէն քալեց դէպի «Ակօս» պարբերականի խմբագրատուն:
Հաւաքուած ժողովուրդը հայերէն եւ թրքերէն երգեր երգելով, Տինքի սպանութեան ճիշդ ժամուն ոգեկոչեց հայազգի խմբագրապետի յիշատակը: Մի քանի օր առաջ Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանի կատարած յայտարարութիւնը թէ՝ սպանութեան ետեւ յատուկ խմբաւորում կանգնած էր, պատճառ դարձաւ, որպէսզի այս տարի աւելի շատ ցուցարարներ հաւաքուին, ակնկալելով յանցագործներու դատապարտումը: