Թուրք ծանօթ լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան, CNNTurk կայանի լրատուական բաժնի ղեկավար Մեհմետ Ալի Պիրանտ մահացաւ Յունուար 16-ին ամերիկեան հիւանդանոցի մը մէջ, լեղապարկի վիրահատութեան ժամանակ, երբ յանկարծ կանգ առաւ սիրտը:

Բժիշկները յաջողեցան վերականգնել սրտի աշխատանքը, սակայն կարճ ժամանակ յետոյ փաստեցին, որ դադրած էր նաեւ ուղեղի աշխատանքը:

Մեհմետ Ալի Պիրանտը ծնած էր 1941ին։ Լրագրողական գործունէութիւնը սկսած էր «Միլիյէթ» թերթին մօտ։ Ան երկար տարիներ աշխատած էր CNNTurk կայանին մօտ։

Մեհմետ Ալի Պիրանտը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորական լրագրողներէն էր: Ան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաթիւ հրապարակումներ կատարած էր, ամէնէն յատկանշականը ըլլալով «հայկական ցունամի»ի յղացումը։

Պիրանտ յայտարարած էր որ մինչեւ Թուրքիա չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, չի կրնար դառնալ միջազգային առաջադէմ հանրութեան լիարժէք անդամ: