2003-էն ի վեր Թուրքիոյ Փամուքքալէ եւ Սիվաս համալսարաններու ճարտարապետութեան բաժանմունքի մասնագէտները կÿուսումնասիրեն շուրջ 300 կրօնական եւ պատմա-մշակութային արժէքներ, որոնց մեծամասնութիւնը Տայքի
Հայ-Բագրատունեաց իշխանապետութեան ժառանգութիւնն է, սակայն այսօր կը ներկայացուին
եւ կը գրանցուին որպէս վրացական կրօնական ժառանգութիւն
Ըստ պատմական տուեալներու, արաբական արշաւանքներէն ետք, դէպի հարաւ արշաւող վրացիները Թ. եւ Ժ. դարերուն Քաղքեդոնականութիւնը ընդունող Բագրատունիներն ալ վրացադաւան դարձնելով եւ շրջանի քրիստոնէական յուշարձաններու վրայ արձանագրուած հայերէն գրութիւններուն վրայ վրացատառ գրութիւններ քանդակելով՝ տիրացան ներքին Հայքի եկեղեցիներուն։
Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ ճարտարապետ Տիրան Մարութեան (1911-2007) Իշխանաց վանքին մասին կը գրէ. «Մամիկոնեաններու նախարարական տան նստավայր Ճակք գաւառի Իշխան գիւղին մէջ, շրջանի հայ հոգեւորական թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Ներսէսի (հետագային հայոց կաթողիկոս Ներսէս Շինող) Է. դարուն կա- ռուցուած, ժամանակին ընթացքին մի քանի նորոգումներ կրած, մինչ այժմ մասամբ կանգուն, հիմքը խաչաձեւ կեդրոնագմբեթ եկեղեցին հայ ճարտարապետութեան դասական շրջանի յուշարձաններէն է եւ իր ուրոյն տեղը ունի մեր արուեստի հրագոյն արժէքներու շարքին մէջ»։
Տայքի Հայ-Բագրատունեաց իշխանապետութեան ժառանգութիւն համարուող իշխան եկեղեցին պաշտօնապէս վրացական դարձաւ, իսկ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1 միլիոն լիրա յատկացուցած է զայն վերականգնելու համար։
Համալսարաններու մասնագէտները արդէն աւարտած են հայ քաղքեդոնական Խանթայ, Օշքի եւ Իշխանի եկեղեցիներու վերականգման նախագծային աշխատանքները, որոնք Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան մէջ գրանցուած են որպէս վրացական եկեղեցիներ եւ կը սպասեն Թուրքիոյ պետական պիւտճէի յատկացումներուն՝ այդ աշխատանքները վրացական կողմի մասնագէտներուն հետ իրականացնելու համար։
Փոխադարձ պայմանաւորուածութեան համաձայն, Իշխան Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներու ֆինանսաւորումը իրականացնելու էր Թուրքիոյ կառավարութիւնը, իսկ Օշքի եկեղեցիինը՝ Վրաստանը։
Անգարայի պետական պիւտճէէն Թուրքիոյ կառավարութիւնը Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատկացուցած է 1 միլիոն լիրա, 2013 թուականի գարնանը վերականգնողական աշխատանքներ սկսելու նպատակով։