ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի սիւնակագիր Ռոնի Մարկուլիս, Տիարպեքիր կամ հայկական Տիգրանակերտ քաղաքը կատարած այցելութենէ մը ետք,«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, թէ

թրքական իշխանութիւնները պիտի պարտադրուին հաշիւ տալու Հայկական Ցեղասպանութեան, բռնի տեղահանումներուն եւ այլ տառապանքներու համար: Մարկուլիս նշած է, թէ 1890ին Տիարպեքիրի 30,000 բնակիչներէն տասը հազարը հայ էր, տասը հազարը՝ իսլամ, իսկ մնացեալը՝ ոչ հայ քրիստոնեաներ ու հրեաներ: Ան հարց կու տայ, թէ ինչե՞ր տեղի ունեցած են, որ այժմ ամբողջ քաղաքին բնակչութիւնը իսլամացած է: «Ամէն անգամ Տիարպեքիր այցելելու ընթացքին կը մտածեմ, թէ ո՞վ պատասխան պիտի տայ այս 100 տարիներուն համար: Պիտի ստիպենք Թրքական իշխանութիւնը հաշիւ տալու Ցեղասպանութեան, բռնի տեղահանութեան, ցաւերու եւ տառապանքներու համար», ընդգծած է ան: