ՊԱՔՈՒ - ԹԻՖԼԻՍ - ԿԱՐՍ երկաթուղիի ծրագիրը ի վերջոյ պիտի իրագործուի՞: Վրացական «Կրուզնիա» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի, որ նախապէս կը յայտարարէր, թէ տնտեսապէս անտրամաբանական կը նկատէ վերոնշեալ ուղեգիծով երկաթուղիի կառուցումը եւ մտադիր է այդ նախագիծէն հրաժարելու, Պաքուի մէջ Դեկտեմբեր 27ին յայտարարած է, թէ այդ հարցով իր ըրած յայտարարութիւնը «հապճեպ կատարած
էր», եւ թէ իրականութեան մէջ այդ նախագիծին համար որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ: Իվանիշվիլի այս յայտարարութիւնը կատարած է Ատրպէյճանի վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի հետ իր հանդիպումին աւարտին:
Ան խորհրդակցութիւններ ունեցած է նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Անդրադառնալով Ալիեւի հետ իր տեսակցութեան՝ Իվանիշվիլի ըսած է, որ հանդիպումը շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած է: