Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը առաջին գործիչն է, որ «Կազմակերպըւած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան առումով տարուայ մարդ» կոչումին արժանացած է
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ իր կողակիցը՝
Ատրպէյճանի Գուսարի մէջ նորակառոյց հանգստեան
նոր համալիրի բացման արարողութեան ընթացքին.
(Դեկտեմբեր 2012)
«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կոռուպցիայի լուսաբանման» նախագիծին կողմէ (Organized Crime and Corruption Reporting Project - OCCRP)։ Նախագիծը իր կայքէջին միջոցաւ կը փոխանցէ թէ՝ «Տարուայ մարդ» կոչումը կը շնորհուի իր գործունէութեան տարածաշրջանի այն գործիչին, որ առաւելաբար աչքի ինկած է յանցաւորութեան եւ կոռուպցիայի վերաբերեալ 2012 թուականի ընթացքին, մամլոյ հաղորդումներուն մէջ։ Ալիեւը ընտրուած է անցեալ տարի կատարուած բացայայտումներուն շնորհիւ, որոնք առընչուած էին իր ընտանիքի սիրոյն (յաճախ՝ կառավարութեան օգնութեամբ ձեռք բերուած մասնաբաժիններով շահութաբեր գործարարութիւններով), որոնց շարքին էին՝ հեռահաղորդակցութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ շինարարութեան բնագաւառները։