Պոլսոյ Ֆաթիհ թաղին մէջ առանձինն ապրող 84 տարեկան հայ կին մը իր տան մէջ սպաննուած գտնուեցաւ: Մարիսա Քիւչուք անունով հայուհին առանձին կÿապրէր: Ան չորս զաւակ ունէր, իսկ երբ անոնցմէ մէկը՝ Զատիկ Քիւչուք իր մօր տունը այցելեց եւ դրան զանգը հնչեցնելով որեւէ պատասխան

չստացաւ, իր բանալիով տուն մտնելէ ետք յայտնաբերեց մօրը դիակը: Զոհը 7 տեղէն դաշունահարուած էր եւ կոկորդը կտրուած:
Ան լուր տուաւ շտապ օգնութեան, սակայն արդէն ուշ էր դժբախտ կնոջ համար:
Ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է քստմնելի ոճիրի յանցագործները բացայայտելու համար: