ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կրթական բարձրագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուած նոր որոշումի մը համաձայն՝ համալսարանի մուտքի քննութիւններու ընթացքին հարցումներ պիտի ուղղուին նաեւ կրօնքի եւ բարոյագիտութեան նիւթերու շուրջ:


Այս որոշումը տեղի տուած է փոքրամասնական վարժարաններու, ալաուիներու եւ մանկավարժներու քննադատութեանց։
Փանկալթըի «Մխիթարեան» վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան մէկն է անոնցմէ, որոնք բուռն բողոք ներկայացուցին այս որոշումին դէմ։ Օրագեան ըսաւ. «Մեր աշակերտները այս հարցումներէն զերծ պէտք է կացուցուին. ասիկա հաւասարութեան սկզբունքին դէմ է եւ պիտի առարկենք, ընդունելի չէ՛։ Մինչ համալսարանի մուտքի քննութիւններու մէկ հարցումն իսկ շատ կարեւոր է, մենք այսպիսի որոշում մը չենք կրնար ընդունիլ։ Փոքրամասնական բոլոր վարժարաններս պիտի միանանք ու դիմում պիտի կատարենք»։
Ալաուի-Պեքթաշի համադաշնակցութեան նախագահ Սելահէտտին Էօզել եւս առարկած է՝ ըսելով, որ այս որոշումը սխալ է: Ոչ իսլամ աշակերտներ կան, կան նաեւ անհաւատներ, որոնց համար անարդար է նման հարցումներ կատարելը։ «Թուրքիոյ մէջ դեռ «շերիաթ»ի օրէքներ կը գործադրուին։ Այս գնացքը առողջ գնացք չէ», ըսած է ան։
«Էղիթիմ-Իշ» հիմնարկութեան նախագահ Վելի Տեմիր եւս ընդունեց, որ այս մէկը սխալ որոշում է։