Թուրքիոյ մէջ մարդոց իրաւունքներու պաշտպան միութեան (IHD) զեկուցագրի հիմամբ՝ 690 քիւրտ բանտարկեալներ, ամբողջ երկրի տարածքին, հացադուլի դիմեցին 12 Սեպտեմբերէն սկսեալ:
Անոնք կը պահանջէին պետութենէն յարգել քրտական լեզուն սորվելու եւ գործածելու իրենց իրաւունքը, յարգել դատական իրենց իրաւունքները:
Թուրքիոյ մէջ «մահուան առաջնորդող ծոմերը» հին պատմութիւն են: Առաջին անգամ 1996ին էր, երբ 12 բանտարկեալներ հացադուլի դիմեցին, վերջ ի վերջոյ իրենց կեանքը կորսնցնելով:
Ըստ տուեալներու՝ 2000-2007ի միջեւ 122 մարդկային կեանք զոհուած է գործադուլի դիմած անձերէ:
«Իսկ եթէ անոնք սկսին մահանա՞լ»
Այս հարցումը տագնապեցուց միջազգային համայնքը, օրեր առաջ, երբ 12 Սեպտեմբերէն հացադուլի դիմած մարդոց առողջութիւնը սկսաւ վատթարանալ: Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կառավարութիւնը միակը մնաց, որ ականջ չտուաւ քիւրտ բանտարկեալներու պահանջքներուն, հակառակ որ մարդոց իրաւունքներու պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւններ ահազանգ սկսած էին հնչեցնել Նոյեմբերի վերջաւորութեան, դիտել տալով թէ բանտարկեալներու առողջութիւնը վտանգաւոր հանգրուանի հասած է:
Հացադուլաւորները երկարաձգեցին իրենց կեանքը, որպէս միակ սնունդ ընդունելով շաքար եւ ջուր: Այսուհանդերձ անոնց պահանջքներուն անդրդուելի մնացող կառավարութիւնը մէկ փոքրիկ զիջում կատարեց, թոյլատրելով քրտերէն լեզուի օգտագործումը դատարանէն ներս:
ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՆ ԱԼ ՄԻՕՐԵԱՅ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՑԱԴՈՒԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԷԻՆ
Պոլսոյ մէջ մեծ թիւով լրագրողներ միօրեայ հացադուլ յայտարարած էին՝ առ ի զօրակցութիւն հացադուլ յայտարարած քիւրտ բանտարկեալներուն։
Կալաթասարայի հրապարակին մէջ հարիւրաւոր լրագրողներ՝ «մահուան մասին լուր գրել չեմ փափաքիր» վերտառութեամբ պաստառներ պարզած էին, առ ի բողոք կառավարութեան քայլերուն։ Լրագրողները յայտարարած են թէ հացադուլաւոր քիւրտերու մահանալը չի լուծեր քրտական հարցը։
ԱՅՇԷ ԿԻՒՆԱՅՍՈՒԻ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ «ԼՈՒՌ ՔՈՅՐՍ» ՓԱՌԱՏՕՆԷՆ
Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց պաշտպան յանձնախումբի անդամ, լրագրող Այշէ Կիւնայսու, ինք եւս իր կարգին մասնակցած է Վրոցուաւի մէջ տեղի ունեցած «Լուռ Քոյրս» փառատօնի շրջագիծէն ներս կազմակերպուած վիճարկումներու, որ քրտական եւ հայկական հարցերու կը վերաբերէին: Այդ այցելութեան ու մասնակցութեան առթիւ իր տպաւորութիւններն ու խոհերը գրի առնելով՝ ստորեւ տրուած խորագրին տակ մամուլին յանձնած է զանոնք: Հարկ է նաեւ նշել, թէ այդ օրերուն դեռ կը շարունակուէր մեծ թիւով բանտարկեալ Քիւրտերու կողմէ նախաձեռնուած հացադուլի համատարած շարժումը, որուն եւս կÿանդրադառնայ յօդուածագիրը: Գրութիւնը լոյս տեսած է թրքերէն հրատա- րակուող քրտամէտ «Էօզկիւր Կիւնտէմ» թերթի Նոյեմբեր 20ի թիւին մէջ:
ԼՈՒՌ ՔՈՅՐՍ
Շաբաթ, Նոյեմբեր 10: Հացադուլներուն 60րդ օրն է: Մարդ երբ կÿարտասանէ «60րդ օր»ը, մէկ էութենէ կÿանցնի միւսին: Բաժան-բաժան ըլլալով ցրուող էութեան ձեւ մը:
Կը գտնուիմ Լեհաստանի հարաւը՝ այն քաղաքին մէջ, ուր Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին՝ տասնեակ հազարաւորներ կորսնցուցած են իրենց կեանքը: Հացադուլներուն 60րդ օրը: Գերմանական իր հին անունով՝ Պրեսլաու, ներկայիս՝ լեհերէն Վրոցուաւ կոչուող, փոքր շատ հին քաղաք մը:
Նեղ փողոցի մը մէջ շէնք մը: Հիմնարկ մըն է: Գեղարուեստական, մշակութային, երաժշտութեան եւ թատերական կեդրոն մը: Կրոթովսքի Հիմնարկ:
60րդ օր: Մեզ շրջապատող՝ մեծամասնութեամբ երիտասարդներէ բաղկացած մարդիկը կարծես թէ պատկանէին մարդկային ուրիշ ցեղի մը: Տիգրանակերտ, Մարտին գացածներ, տանկպէժներու հետ զրուցածներ, անոնց հետ փոխադարձաբար երգեր երգածներ կան անոնց մէջ: Ոմանք Դանիայէն են, ոմանք՝ Հարաւային Ափրիկէէն, ոմանք՝ Սպանիայէն: Կան նաեւ տեղացիներ՝ Վրոցուաւէն: Զիրենք ագուցողը՝ նոյնիսկ եթէ աշխարհի միւս ծայրը ըլլայ, արիւնող վէրք մը՝ երաժշտութեամբ, թատրոնով, պարով, փաստագրականներով արծարծելն է, թափանցելը այդ վէրքին ճշմարտութեան. անոր վրայ կÿաշխատին տարիներով: Եւրոպական քաղաքի մը մէջ, անսպասելի այնպիսի ջերմութիւն մը մարդոց կողմէ, որոնց հետ դեռ նոր ծանօթացած ես… ողջագուրումնե՜ր, ձեր դէմքերուն բախող խոր զգացականութիւն մը, ունկնդրութեան պահուն լեցուող աչքեր: Մեծ ընտանիքի մը անդամներն ենք, կարծէք: Ինքզինքս գտած եմ աշխարհին միւս ծայրը, ազգականներուս միջեւ:
Պոլսեցի բայց տարիներէ ի վեր Փարիզ բնակող Արամ Քերովբեան եւ ընտանիքը երկու տարիէ ի վեր հոն կÿաշխատին հայկական շարականներուն վրայ: Իրենց աշակերտները կը սորվին Հայոց հոգեւոր երաժշտութիւն, Հայոց պատմութիւն, անոնց ապրածները, ոչնչացումը… կը փորձեն ներթափանցել ոգիին՝ այն բանին զոր կը սերտեն:
Երկամեայ տեւողութեամբ այս աշխատանքէն ետք, որպէս հանգրուան մը (քանի դեռ կը շարունակեն աշխատիլ), որոշեր են եօթնօրեայ ծրագիր մը կազմակերպել: Անունն ալ դրեր են «Լուռ քոյրս» («My Silent Sister»): Ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, Արամ Քերովբեանի եւ իր ընտանիքին մասնակցութեամբ երաժշտական/ձայնային աշխատնոցներ, համերգներ, վիճարկումներ, զրոյցներ կը կազմեն անոր յայտագիրը:
60րդ օր: Աշխարհին չորս ծագերէն՝ բոլորն ալ տարբեր, նոր, փորձառական, մարդուն եւ մարդուն էութեան առընչուող արուեստ իրագործելու եկած այդ մարդիկը տեղեակ են հացադուլէն ու հարց կու տան: Պիտի թողեն, որ մարդիկ մեռնի՞ն: Քայլերու կը ձեռնարկուի՞ն: Հանրութիւնը ի՞նչ կը մտածէ: Զօրակցական շարժում կա՞յ:
Թերթ մը ինծի հետ հարցազրոյց կը կատարէ Քրտական հարցին շուրջ: Ինքզինքս անծայրածիր ճարահատ կը զգամ, երբ կը պատասխանեմ: Ահագին բաներ իմաստազուրկ կը դառնան, երբ կը խօսուի հացադուլի մասին:
60րդ օրը՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 10ին, ծայրէ ծայր լեցուն է սրահը Լեհաստանի Վրոցուաւ քաղաքի նեղ փողոցներէն մէկուն մէջ գտնուող այս հին շէնքին, որուն փայտաշէն տախտակամածն ու առաստաղը պատմութիւն կը հոտին: Բոլորը իրենց աչքերը ուշադրութեամբ յառած են դէպի այն երեք հոգին, որոնք տեղ գրաւած են սեղանին շուրջ՝ դէպի մեզի: Ես կը պատմեմ, թէ ի՛նչպիսի բան է ուրացումի ընկերութեան մը մէջ ապրիլը, թէ ուրացումը կը պարուրէ բովանդակ կեանքը, կը ձեւաւորէ կենցաղն ու մտածողութիւնները, թէ առարկայական ճշմարտութիւնը անվաւեր կը դառնայ, սուտերէ կազմուած բնական միջավայր մը կը կերտուի:
60րդ օրը, կը խօսիմ իմ ընկերվարական/համայնավար անցեալէս: Կը պատմեմ, թէ ի՛նչպէս համայն չարութիւնը բարդելով աշխարհի միւս ծայրի ամերիկեան կայսերապաշտութեան ուսերուն՝ մեր մէջի, մեր քիթին տակի չարութիւնը չենք տեսած, թէ Ամերիկայի, Հարաւային Ափրիկէի ցեղապաշտութիւնը անիծելով՝ մենք զմեզ հանգստացուցած ենք, մինչ մեր քովի Քիւրտերուն, Հայերուն, Ասորիներուն, Հրեաներուն, Գնչուներուն նկատմամբ մեր կիրարկած ամենաբուռն ցեղապաշտութիւնը չտեսնելու աստիճան կոյր էինք: Օրինակներ կու տամ այն մասին, թէ կարծես ծովուն մէջ ձուկեր ըլլայինք, ծովէն՝ բոլորովին անգիտակից: Կը պատմեմ, թէ իմ այն շատ համայնավար, շատ հակակայսերապաշտ, շատ հակաֆաշական, յեղափոխութեան համար կեանքը զոհելու պատրաստ ընկերներս, ներառեալ ես, ամէն օր երախաներուն միաբերան «գոյութիւնս՝ նուիրաբերեմ թրքական գոյութեան» երդումին դէմ արշաւի ձեռնարկելը մէկդի, որքան բնական կÿընկալէինք այս խօլ ցեղապաշտութիւնը:
Հարցում-պատասխաններու բաժնին մէջ մէկը ոտքի կ'ելլէ ու հարց կու տայ՝ «Մարքսեան-լենինեան շրջանի ձեր կուրութեան մասին խօսեցաք, բայց չըսիք, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչպէս ձերբազատեցաք անկէ: Ի՞նչն է, որ ձեզ մղեց տեսնելու»:
«Քիւրտերու ապստամբիլն էր,- ըսի,- մեր աչքը առաջին բացողը: Քրտական ապստամբութեամբ է, որ հասկցանք, թէ դասակարգային բախումը եւ դասակարգային հայեցակէտերը չեն կրնար ճառ դառնալ բոլոր ցաւերուն, թէ թրքական Ձախը իրականութեան մէջ չէ կրցած տարանջատուիլ թրքական ազգայնականութենէն, թէ քէմալականութիւնը թափանցած է մինչեւ մեր ծուծերը: Եւ ատիկա պատճառ դարձաւ, որ համակարգային-ընդունուած Ձախէն հեռանանք: Այդ դուռէն անցնելով՝ սկսանք իմանալ այն յանցագործութիւնները, զորս պաշտօնական պատմութիւնը մեզմէ կը պահէր: Տեսանք, որ դեռ շատ բան կայ սորվելիք, եթէ անկիւնէն վերցնենք այն շղարշը, որ կը ծածկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն վրայ հիմնուած է Հանրապետութիւնը: Եւ դեռ պէտք է սորվիլ»: