Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնը (SOCAR) յայտնած է, որ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթատար խողովակաշարով ատրպէյճանական նաւթի արտահանման ծաւալը, 2011 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերի համեմատ, 2,73 միլիոն թոնով կրճատուած է:
Այս մասին յայտնած է 1news.az ազերիական լրատուական կայքէջը:
2012 թուականի Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն ընթացքին Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթատար խողովակաշարով Ատրպէյճանէն արտահանուած է 27,327 միլիոն թոն նաւթ, իսկ 2011ի նոյն ժամանակահատուածին՝ 30,057 միլիոն թոն նաւթ:
Ատրպէյճանէն հոսող նաւթը՝ Թուրքիոյ միջոցաւ անցնելով տրամադրուած է համաշխարհային շուկայ. այսուհանդներձ արտահանման ծաւալները զգալիօրէն կրճատուած ըլլալու պատճառներու մասին ոչինչ յայտնուած է:
Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթատարի երկարութիւնը 1768 քմ է, որու 443 քմը Ատրպէյճանի միջոցաւ, 248-ը՝ Վրաստանի եւ 1076-ը՝ Թուրքիոյ (ինչպէս յայտնի է քարտէսէն):
Խողովակաշարի գլխաւոր բաժնետէրերն են BP (30,1տոկոս) եւ SOCAR (25 տոկոս):