Անցեալներս գրած էինք Մեքսիքոյի «բարեկամութեան այգիի» մէջ Հայտար Ալիեւի արձանի դէմ բողոքներու մասին։


Ինչպէս յայտնի կը դառնայ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ատրպէյճանցիները եւս կը պահանջեն վերցնել Ալիեւի արձանը: Անոնք նաեւ դէմ են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ այդ հարցով Մեքսիքոյի վրայ պարտադրուող ճնշումներուն. այս մասին Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին հաղորդած է ատրպէյճանական «haqqin.az» լրատուական կայքը:
«Ամերիկայի ատրպէյճանցիները, յանուն ժողովրդավարութեան» միութեան (AZAD) ղեկավար Էլմար Շախտախտինսքի, այս մասին նամակ մը գրած է Մեքսիքօ Սիթիի քաղաքային իշխանութիւններուն՝ նշելով. «Իմ գլխաւորած կազմակերպութեան եւ բոլոր համախոհներուն անունով կ՛ողջունեմ Մեքսիքոյի կառավարութեան կողմէ ստեղծուած յանձնաժողովի սկզբունքային որոշումը, որով խորհուրդ տրուած է հանել քաղաքի կեդրոնական այգիներէն մէկուն մէջ տեղադրուած ատրպէյճանցի բռնապետ Հայտար Ալիեւի արձանը: Ես զայրացած եմ, որ ի պատասխան ձեր յանձնաժողովի այդ որոշման՝ ատրպէյճանական կառավարութիւնը հրապարակայնօրէն կը փորձէ սպառնալ Մեքսիքոյին, թէ կրնայ ետ պահանջել այգիին վերակառուցման համար ծախսուած գումարները, փակել Ատրպէյճանի դեսպանատունը եւ կասեցնել ներդրումները: Ես համոզուած եմ, որ Պաքուի իշխանութիւնները չեն կրնար վախցնել Մեքսիքօ Սիթիի քաղաքապետարանը, եւ ձեր քաղաքի հպարտ բնակիչները դէմ կը դնեն արտասահմանեան իշխանութեան մը կողմէ բանեցուող այն ճնշումներուն, որոնց նպատակն է բռնապետին յուշարձանը պահել իր տեղը: Ինչպէս նշած եմ իմ նախորդ նամակիս մէջ, Հայտար Ալիեւ այն մարդը չէ, որուն յ
ուշարձանին արժանի ըլլայ Մեքսիքօ Սիթին: Ան եղած է ժողովրդավարութեան թշնամին, պատասխանատու է զեղծարարութեանց ու իր ժողովուրդի ազատութիւններու եւ իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն: Համոզուած եմ, որ մարդկային ազատութիւններն եւ իրաւունքները գնահատողները երախտապարտ պիտի ըլլան, եթէ ձեր գեղեցիկ քաղաքէն այդ արձանը վերցուի կարելի եղածին չափ շուտ»: