Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Մարտին նահանգի մէջ PKK-ի զինեալները յարձակած են թրքական զօրամասի վրայ:


Քիւրտ զինեալները յարձակումը իրականացուցած են Նոյեմբեր 27-ի առաւօտեան, Մարտին նահանգի Օմերլիի շրջանի մէջ տեղակայուած թուրք զինուրներու զօրամասին դէմ։
Յարձակման հետեւանքով սպննուած է մէկ թուրք զինուորական.  երկու հոգի եւս վիրաւորուած եւ տեղափոխուած   են  հիւանդանոց: