Ֆրանսա բնակող ատրպէյճանցի քաղաքական ապաստանեալ Ռահիմ Նամազով, ատըրպէյճանական լրատու կայքէջի մը գրած իր նամակով կը պատմէ, թէ ի՛նչպէս Ատրպէյճանցիները հայու անունով կը փախչին Եւրոպա եւ  հոս ապաստանի իրաւունք կը ստանան։


Ըստ Նամազովին՝ Թուլուզ քաղաքին մէջ Զինա Թումանեան կեղծ անունով ազերի  մը, որուն իրական անունը Հատիյա Պահատուր է, կը զբաղի ատրպէյճանցի ընտանիքներ՝ հայկական անուններով Եւրոպա փոխադրելու գործով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» այս գործառնութիւնը  իւրաքանչիւրի պարագային  կ'արժէ 12 հազար եւրօ։
«Հոս եկող ազերիները տեղական մարմիններուն կը ներկայանան իբրեւ հայեր, որ մազապուրծ փախած են հալածանքներէ», կը գրէ Նամազով։ Իր տեղեկութեանց համաձայն՝ Պահատուր արդէն իսկ քանի մը ընտանիք տեղափոխած է Ատրպէյճանի Շաքի քաղաքէն։ Հետաքրքրական է, սակայն, որ Շաքի քաղաքը ծանօթ է իբրեւ անցեալի հայաբնակ եւ ուտիաբնակ քաղաք. Ուտիները կովկասալեզու ժողովուրդ մըն են, որոնց մեծ մասը կը պատկանէր հայ առաքելական եկեղեցւոյ, իսկ միւս մասը ուղղափառներ եւ իսլամադաւաններ են։
Կարելի է նաեւ ենթադրել, թէ նշեալ ապաստանեալները Ատրպէյճանի  ազգային փոքրամասնութեանց  պատկանող մարդիկ են: