Թուրքիոյ Տերսիմ, ներկայիս Թունճելի քաղաքէն ներս 1937-1938 թուականներուն՝ տեղւոյն ալաուի, քիւրտ, հայ, ասորի բնակչութեան դէմ իշխանութիւններուն կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան հարցը փոխանցուած է Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարան:


Ամերիկայի, Գերմանիոյ, Հոլլանտայի եւ Պելճիքայի փաստաբաններու համագործակցութեամբ պատրաստուած է դատական դիմումը, որ 300 էջէ կը բաղկանայ: Դիմումը Լա Հէյի դատարան փոխանցած է փաստաբան Էրտալ Տողանը: Զանգուածային սպանութիւններու մեղադրանք ներկայացուած է 81 մարդոց դէմ, որոնց շարքին Թուրքիոյ գործող վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի եւ 1980ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման հեղինակ Քենան Էվրէնի դէմ:
Էրտողանի պարագային կը յիշուի թէ ան ներողութիւն խնդրեց Տերսիմի մէջ թրքական այն ժամանակուայ իշխանութիւններու  իրագործած ջարդերուն գծով, այսուհանդերձ մինչեւ այսօր այդ ուղղութեամբ որեւէ առաջընթաց չէ ապահոված, ընդհակառակը՝ Էրտողան ինքնին կը պահպանէ ջարդարարի մտածողութիւն: