ԱԼԻԵՒԻ ԱՐՁԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ՅԱՆԳԵՑՆԵԼ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ

Նոյեմբեր 23ին կը հաղորդուէր, որ Մեքսիքոյի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Իլկար Մուխթարով յայտարարած է, թէ իրենք պիտի դիմեն դատարան, խզեն յարաբերութիւնները Մեքսիքոյի հետ եւ սառեցնեն 4 միլիառ տոլարի ներդրումներու ծրագիրը,

եթէ մեքսիքական իշխանութիւնները որոշեն մայրաքաղաքին կեդրոնական պողոտայէն վերցնել Հէյտար Ալիեւի կիսանդրին։ Մուխթարով յիշեցուցած է, որ 2011 Օգոստոս 26ին իր երկրին եւ Մեքսիքայի միջեւ կնքուած է պայմանագիր մը, ըստ որուն՝ Ալիեւի արձանը պէտք է բարձրացուէր, Ատրպէյճանի կողմէ զբօսայգիի բարեկարգման դիմաց։ Այնուհետեւ, Ատրպէյճան 5 միլիոն տոլար ծախսած է՝ որպէսզի Ալիեւ-Աւագի արձանը բարձրացուի։
Յիշեցնենք, որ բացի հայերու կողմէ յարուցուած բուռն հակազդեցութիւններէ, խումբ մը մեքսիքացի արուեստագէտներ ալ դիմած էին իրենց իշխանութիւններուն՝ արձանը վերցնելու պահանջով։

Մեքսիքացիներ Կը Պահանջեն Քանդել Հայտար Ալիեւի Արձանը

Մեքսիքոօ քաղաքի Փոլանկօ զբօսայգիին մէջ զետեղուած  Ալիեւի արձանի զետեղումը զայրոյթ ու տարակուսանք պատճառած է մեքսիքացիներուն, որոնք գիտեն, թէ ո՞վ է Հայտար Ալիեւը եւ զայն կը ճանչնան որպէս բռնատէր նախագահ մը:
«Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը լրատուութիւն մը հրապարակած է այս մասին ու կը գրէ, թէ այս արձանի զետեղումը երբեք տարբերութիւն չունի այն մօտեցումէն, որ օրինակ Ուկանտայի բռնատէր Իտի  Ամինի արձանը զետեղուի Ուաշինկթընի մէջ: Մեքսիքացիներ կը յայտարարեն, որ Հայտար Ալիեւի արձանը վիրաւորանք է ու կը պնդեն, որ անհրաժեշտութիւն չկայ դուրսէն «գէշ» խորհրդանիշեր ներմուծելու:
Ցուցարարներ կը պահանջեն քանդել Ալիեւի արձանը: Այգին, ուր զետեղուած է այդ արձանը, կը կոչուի Բարեկամութեան զբօսայգի, սակայն ցուցարարներ կ՛առաջարկեն նոր անուանում մը՝  «Ամօթի զբօսայգի»:
«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը նշէ, որ Մեքսիքայի իշխանութիւններու կողմէ Ատրպէյճանին թոյլատրուած է Հայտար Ալիեւի արձանը զետեղել՝  3-5 միլիոն տոլար ծախսելու գնով: «Ալիեւ նստած է մարմարեայ պատուանդանի վրայ, իր  անունը փորագրուած է ոսկեայ տառերով, իսկ յուշատախտակի վրայ գրուած է, որ Քա.Կէ.Պէ.-ի նախկին գործիչը հայրենիքին նկատմամբ անսահման սիրոյ փայլուն օրինակ կը հանդիսանայ: Հոն չկայ որեւէ յիշատակութիւն: «Ուիքիլիսք»-ի տեղեկութիւններէն, ուր ամերիկացի դեսպան մը Ալիեւի գերդաստանը կը բաղդատէր մաֆիայի պարագլուխներէն մէկուն՝  Քոռլէոնի ընտանիքին հետ, թէ ինչպէս այդ երկիրը տարիներ շարունակ ընդգրկուած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան սեւ ցանկին մէջ, կամ թէ ինչպէս Ալիեւ գերդաստանը յաճախ կը մեղադրուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու տեղեկագիրներու մէջ», կը նշէ պարբերականը: «Լոս Անճելըս Թայմզ» կը գրէ նաեւ, որ Գանատայի Օնթարիօ քաղաքի մէջ՝ հանրային ճնշումներուն տեղի տալով, քանդուեցան արձաններ, որոնք զետեղուած էին ի պատիւ Հայտար Ալիեւի:

----------------------------------------------

 

Բարեկամութեա՞ն Թէ…Ամօթի Զբօսայգի

«Ի՞նչ է կապը Մահաթմա Կանտիի, Մարթին Լութըր Քինկի, Ապրահամ Լինքըլնի եւ Հայտար Ալիեւի»  հանելուկը  կռահելը անհնար է: Աշխարհի չորս ծագերէն ներս ալ դժուար է կապ մը գտնալ այս չորս անձնաւորութիւններուն միջեւ: Այդ տիպարներու ետին կանգնող երկիրներու բնակիչներն անգամ պիտի չկարենան լուծել հանելուկը, ո՛չ հնդիկը, ո՛չ ամերկացին…ո՛չ ալ ազերին:
Նոյնիսկ Մեքսիքոյի համանուն մայրաքաղաքի եւ աւելին հանրածանօթ Փօլանկօ զբօսայգիին մօտակայ տեղացիին համար ալ, որոշ ժամանակաշրջան մը այս հարցում-հանելուկին պատասխանը դժուար պիտի ըլլայ կռահելը:
Յաւելեալ բացատրութեան համար, կարճ պարզաբանութիւն մը տեղին է, ընթերցողին յաւելեալ ուղեցոյց տալու եւ դիւրացնելու համար: Արդարեւ, Ազթէքներու երկրի մայրաքաղաքի այդ հանրածանօթ «Բարեկամութեան Զբօսայգի»ին մէջ, տեղադրուած են վերոյիշեալ չորս անձնաւորութիւններուն արձանները: Հոս տեղին է աւելցնել թէ վերոյիշեալ չորսէն, ամենէն աւելի  նորեկ  բնակիչն է պրոնզաձոյլ Հայտար Ալիեւի հսկայ արձանը:
Թէ ինչպէ՞ս պատահած է որ, այս «հերոս»ը բնակութիւն հաստատէ այդ զբօսայգիին մէջ, հետաքրքրական է փնտռտուքներ կատարել եւ իսկական պատճառները յայտնաբերել: Անշուշտ, Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան քաջատեղեակ ընթերցողը, շուտով կրնայ եզրակացնել թէ տարիներ շարունակ, Խորհրդային Միութեան օրերուն բռնատիրական գործունէութիւն կատարած եւ տեղւոյն գաղտնի սպասարկութեան` Քա. Կէ. Պէ.-ն ղեկավարած, նաեւ բազմիցս մարդկանց իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու կողմէ մեղադրուած եւ տեղեկագիրներու մէջ նշուած հայր Ալիեւի ներկայութիւնը կամ բնակութիւնը այդ «բարեկամութիւն, ազատութիւն եւ անմեղութիւն» բուրող զբօսայգի բնակավայրէն ներս, համեմատած միւս բնակիչներուն, բաւական մը ծախսալի եղած է: Սակայն ի վերջոյ Մեքսիքոյի հիւսիսդի դրացիները հռչակաւոր խօսք մը ունին թէ «Դրամն է որ Աշխարհ կը դարձնէ»: Վստահաբար, կարգ մը տեղացի պատասխանատուներ այդ խաղին զոհը գացած են, ինչպէս որ շաբաթներ առաջ այլ երկրի մը` Հունգարիոյ պատասխանատուները կատարեցին նիւթականին դիմաց տեղի տալով բարոյականը…եւ ազատ արձակեցին մարդասպան ազերի սպայ Սաֆարովը:
Մեքսիքոյի մէջ կատարուածը կը տարբերի Պուտափեշթի մէջ պատահածէն, նկատի ունենալով թէ՛ վայրը եւ թէ՛  նպատակը: Արդարեւ, ազթէքներու հեռաւոր  երկրին  մէջ չկայ ազերի շօշափելի գաղութ, ո՛չ ալ ազդեցիկ ներկայութիւն, այլ պարզապէս Պաքուի կողմէ արտաքին քաղաքականութեան  ոտնձգութիւն:
Արձանի բացման հանդիսութենէն ի վեր Մեքսիքացիք սկսած են ենթագիտակցիլ թէ ճիշդ ի՞նչ պատճառներով Կովկասեան շրջանէն «հերոս«ի մը տիպարը ժամանած եւ բնակութիւն հաստատած է: Աւելի՛ն, վերոյիշեալ հանելուկին փոխարէն, թէ՛ մեքսիքացիին եւ թէ՛ առ հասարակ ոեւէ բնակիչի համար, շատ աւելի դիւրին է շրջանցել հանելուկը եւ հարցադրել թէ վերոյիշեալ չորս քաղաքական դէմքերէն ո՞ր մէկը կարելի է առանձնացնել…Պատասխան` ի դէմ յաչս ազատութեան համար պայքարած Լութըր Քինկի, Լինքըլնի եւ Կանտի…մարդասպան Հայտար Ալիեւ:

«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրական