Ռուսաստանի ամենէն ծանօթ փոփ-երգիչներէն Ֆիլիփ Գիրգորով, որ ծագումով հայ է, պիտի չկարենայ Պաքուի մէջ տալ այն համերգը, որ նախատեսուած էր Նոյեմբերի վերջ։

Սկիզբը՝ համերգի կազմակերպիչները, որոշ «կազմակերպչական» խնդիրներու պատճառով, մերժած են տրամադրել «Հէյտար Ալիեւ» պալատը, իսկ այնուհետեւ՝ «ճարտարագիտական» պատճառներով, Պաքուի Crystall Hallը չէ համաձայնած ընդունիլ երգիչը։ Այս ամբողջ պատմութեան մէջ ամենէն զաւեշտականը այն է, որ Գիրգորով, որուն մայրը պուլկարուհի է, միշտ ուրացած է իր հայ ըլլալը եւ ամէն առիթով խուսափած է այդ մասին խօսելէ։ Դեռ աւելին՝ ինք ծանօթ է իր թրքամէտ կեցուածքով եւ Թուրքիոյ դրօշով նկարահանուած տեսահոլովակներով։ Ահա այս պատճառով, Պաքուի համերգին վիժումը մեծապէս ցնցած է երգիչը, որ յայտարարած է. «ստեղծագործողները՝ առանց ազգային պատկանելիութեան եւ տարածքային կապի մարդիկ են... Տխուր է, որ քաղաքացիութեան կամ ազգային ծագման համար երգիչի մը համերգը կը խափանուի, երբ իրեն կը սպասեն հազարաւորներ»….......։  
Տեղի ունեցածը Գիրգորով որակած է դաւաճանութիւն՝ իրեն սպասող հանդիսատեսին հանդէպ։ Ըստ Ատրպէյճանի մէջ տարածուած մտայնութեան՝ Գիրգորովի ելոյթը Պաքուի մէջ ամէն պարագայի պիտի ընկալուէր արցախեան հակամարտութեան շրջածիրին մէջ։ Այս մասին նշած է նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան Զահիտ Օրուճ։
Տարածուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Գիրգորովի հանդէպ բացասական վերաբերումը յատկապէս սաստկացած է այն պահէն, երբ իր հայրը՝ Պետրոս Գիրգորով, հովանաւորած է հայ պատանի երգիչ Անդրանիկ Ալեքսանեանի ելոյթը: