News.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի իշխող  կուսակցութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով ընդունելութեան մը ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր խօսքին մէջ յայտնած է,

որ «ես շարունակ ըսած եմ եւ կ՛ուզեմ հրապարակաւ կրկնել, որ մեր թշնամին հայկական լոպին է, որովհետեւ Հայաստան, իբրեւ երկիր, կարեւորութենէ զուրկ է: Իրողութեան մէջ, գաղութ մըն է, յառաջապահ դիրք մը, հողամաս մը, որ հնադարեան ատրպէյճանական հողերու վրայ արհեստական կերպով ստեղծուած է, արտասահմանէն կը կառավարուի:
Ալիեւ Ատրպէյճանի որպէս թիւ 2 թշնամի նշած է իսլամոֆոպիան: