RBC Daily-ն յայտնած է, որ Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնը՝ SOCAR-ը, գնած է «Իթերա - Վրաստան» ընկերութիւնը (ITERA International Energy LLC-ի քոյր ձեռնարկութիւնը)։

Գործարքին արժէքը գաղտնի կը պահուի։ Այս գործարքին շնորհիւ՝ SOCAR ձեռք ձգած է ամբողջ Վրաստանի տարածքին, բացառութեամբ Թիֆլիսի, կազ մատակարարելու իրաւունքը։ Նախքան այս գործարքը՝ SOCAR-ը կը վերահսկէր  կազի բաշխումի վրացական 30 ընկերութիւններ, իսկ այժմ ան դարձած է 100էն աւելի վրացական նոր ընկերութեան եւս մատակարարը:
Ատրպէյճան կազ կը վաճառէ Վրաստանին՝ 1000 խոր. մեթրը 143էն 167 տոլարի միջեւ։ Ծանօթ է նաեւ, որ SOCAR Վրաստանի ամենէն մեծ հարկատուն է: