Թուրքիոյ նետուած երկրորդ մարտահրաւէրն է՝ կ'ընդգծէ Economist
Աշխարհով մեկ սփռուած ասորիները կը պահանջեն միջազգայնօրէն ճանչնալ թուրքերու կողմէ 1915 թուականին իրենց նախնիներու նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութիւնը:
Նիւթին անդրադարձած է հեղինակաւոր Economist պարբերաթերթը՝ ընդգծելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճանաչումէն յետոյ, այս երիտթուրքերուն նետուած երկրորդ մարտահրաւէրն է:
Պարբերականը կը նշէ, որ այդ տարիներուն Թուրքիոյ մէջ սպաննուած մօտ մէկ միլիոն հայերու վերաբերեալ բազմաթիւ փաստագրական ապացոյցներ կան, սակայն շատ քիչ բան յայտնի է տասնեակ հազարաւոր ասորիներու մասին, որոնք եւս հա-լածուեցան ու սպաննուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ։
Ստոքհոլմէն մինչեւ Սիտնէ, ուր կը գտնուին ասորիներու մեծաթիւ համայնքները, հետզհետէ աւելի յաճախակի կը դառնայ իրենց խնդիրներու մասին բարձրաձայնուած պահանջքը: Economist կը նշէ թէ ասորիները կը պահանջեն որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալ 1915ի իրենց կորուստները:
Պարբերականը պատմական հայեացք կը նետէ այդ իրադարձութիւններուն վրայ, արձանագրելով, որ երբ երիտթուրքերը 1915 թուականին քիւրտերուն ներքաշեցին հայերու զանգուածային սպանութիւններուն մէջ, մահմետական հոգեւորականները գօտեպնդեցին ու քաջալերեցին իրենց հաւատացեալները՝ քրիստոնեաներու դէմ յարձակումներով, եւ յաւիտենական աշխարհի մէջ վարձատրութիւններով:
Յօդուածագիրը կը գրէ թէ 1915 թուականի հարիւրամեակին ընդառաջ՝ Թուրքիոյ հակադարձող հակաքարոզչական արշաւի կիզակէտին գտնուած է երկրի հիւսիս-արեւելքի շրջանէն ներս գտնուող ասորական Մոր Գաբրիէլ մենաստանը, որու հողային հարստութեան նկատմամբ յաւակնութիւններ ներկայացուցած էին նախ շրջակայ գիւղերուն մէջ ապրող քիւրտերը, յետոյ՝ Թուրքիոյ պաշտօնական կառոյցները։
«Ի վերջոյ, դատարանը բաւարարած էր Թուրքիոյ կառավարութեան պահանջը՝ հակառակ որ 4-րդ դարէն կառուցուած վանական համալիրը շարք մը փաստաթուղթեր ներկայացուցած էր սեփականութեան իր իրաւունքը ապացուցելու եւ տասնամեակներ շարունակ հարկեր վճարած ըլլալու վերաբերեալ», կը գրէ Economist։
Խնդրի լուծման չէին նպաստած ոչ նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահին ու վարչապետին հետ ասորիներու հանդիպումները. ընդհա-կառակը՝ երկուքն ալ առիթը օգտագործած էին քննադատելու համար արտերկրի մէջ ապրող ասորիներու յայտարարութիւնները եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրական արշաւը: